ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան երէկ այցելեց Տոհա, ուր հիւրընկալուեցաւ Քաթարի էմիր շէյխ Թամիմ պին Համիտ էլ Սանիի կողմէ։ Իրեն ընկերակից պատուիրակութեան մաս կազմեցին Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, Ելմտական ու գանձի նախարար Պերաթ Ալպայրաք, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան, Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ Ֆահրետտին Ալթուն եւ նախագահի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն։ Քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով նախագահ Էրտողան չորս ամիսէ ի վեր արտասահմանեան որեւէ ուղեւորութեան չէր ձեռնարկած եւ այդ ընդհատումէն վերջ իր առաջին այցելութիւնը տուաւ Քաթար։

Տոհայի օդակայանին մէջ պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորուելէ վերջ նախագահ Էրտողան առաջնորդուեցաւ էմիրի պալատը։ Երկու ղեկավարները նախ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, իսկ աւելի վերջ ունեցան առանձնազրոյց մը, որ տեւեց շուրջ երեք ժամ։ Դռնփակ հանդիպում մըն էր այս մէկը, որու աւարտին Քաթարի էմիրը ճաշասեղանով մը պատուեց նախագահ Էրտողանը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, երկու ղեկավարները կանգ առած են Թուրքիոյ եւ Քաթարի յարաբերութիւններու ընթացքին վրայ։ Անոնք շօշափած են նաեւ տարածքաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով խնդիրներ, որոնց կապակցութեամբ կարծիքներ փոխանակած են։

Տոհայի ծրագիրը աւարտելէ անմիջապէս վերջ, նոյն օրն իսկ նախագահ Էրտողան վերադարձած է Իսթանպուլ։

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2020