ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՁՈՒԿԸ

Աւստրալացի մը բռնած է իր կեանքի ամենամեծ ձուկը։ Այսպէս, Աւստրալիոյ Քուինզլենտ նահանգի բնակիչ Էտ Ֆալքընըր Ռէինպոու Պիչ քաղաքի մերձակայքին հսկայական ձուկ մը բռնած է: Ձկնորսը 20 վայրկեան զբաղած է, որպէսզի ձուկը հանէ ջուրէն։ Ֆալքընըրի որսը կը կշռէ 22 քիլօկրամ, իսկ ձուկին երկարութիւնը 104 սանթիմեթր է:

Ֆալքընըր նշած է, որ ինք արդէն երեսուն տարիէ ի վեր կը զբաղի ձկնորսութեամբ, սակայն երբեք նման ձուկ մը չէր կրցած որսալ։ Ձկնորսը իր որսը յանձնած է տեղւոյն ձկնաբուծական ընկերութեան՝ հետազօտութեան համար։

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2020