ԱՄՈՒՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փոխ-նախագահ Մայք Փենս Թիֆլիզի մէջ յայտարարեց, որ իր երկիրը կը պաշտպանէ Վրաստանի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին։ Մայք Փենս արդէն աւարտած է իր ձեռնարկած ուղեւորութիւնը դէպի Էսթոնիա, Վրաստան եւ Քարատաղ։ Այս շրջագայութիւնը զուգադիպեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ լարուածութիւնը հասած է մտահոգիչ համեմատութիւններու։ Այս իրավիճակին մէջ Մայք Փենսի յայտարարութիւններն ալ յաճախ կը մեկնաբանուին՝ որպէս Ռուսաստանին հասցէագրուած պատգամներ։

Թիֆլիզի մէջ Փենս յայտնեց, որ ԱՄՆ-ի Նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը կը պաշտպանէ Վրաստանի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին։ «Մենք Թրամփի հետ կը պաշտպանենք Պուքրէշի գագաթաժողովի պատգամը, ըստ որու Վրաստան պիտի դառնայ ՆԱԹՕ-ի անդամ։ Վրաստանի ժողովուրդը արագօրէն կ՚ընթանայ այդ ուղղութեամբ», յայտարարեց Մայք Փենս՝ Վրաստանի Վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլիի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։ Փոխ-նախագահը կրկնեց, որ իր հետ Թիֆլիզ տարած է Թրամփի ուղերձը, ըստ որու ԱՄՆ Վրաստանի հետ է ու միշտ կ՚աջակցի անոր։

Իր կարգին, Քվիրիքաշվիլին ալ կարեւորեց ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը՝ որպէսզի Վրաստան կարենայ կարգաւորել իր յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ։ Քվիրիքաշվիլիի խօսքերով, ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը շատ կարեւոր է վրաց-ռուսական յարաբերութիւններու խաղաղ կարգաւորման գործընթացին համար։ «ԱՄՆ հաստատակամօրէն կը պաշտպանէ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ մեր երկրի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու շրջանակներէն ներս։ ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը մեզի համար շատ կարեւոր է՝ Վրաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ», ընդգծեց Քվիրիքաշվիլի եւ աւելցուց, որ Փենսի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Թիֆլիզի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան ընդլայնման վերաբերեալ հարցեր։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2017