ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար Ալեքսանտր Ֆոմինի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ այցելեց Երեւան։ Օրուան տեւողութեան Ֆոմին ընդունուեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ողջունելով հիւրը՝ Զօհրապ Մնացականեան նշեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Ռուսաստանի հետ ռազմական եւ ռազմաթեքնիկ ոլորտի համագործակցութիւնը թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի ձեւաչափով։ Այդ ամբողջին մէջ Մնացականեան յատկապէս ընդգոծեց, որ Հայաստան մեծապէս կը կարեւորէ ՀԱՊԿ-ի ապագայ ամրապնդումը եւ յանձնառու է շարունակելու իր աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը այդ նպատակով։

Զօհրապ Մնացականեան եւ Ալեքսանտր Ֆոմին քննարկեցին ռազմական ոլորտէ ներս համագործակցութեան խորացման հեռանկարներուն վերաբերեալ հարցեր։ Երկուստեք գոհունակութեամբ արձանագ-րըւեցաւ երկկողմանի ամուր իրաւապայմանագրային դաշտի գոյութիւնը։

Զրուցակիցները ընդգծեցին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ արդիւնաւէտ ռազմական, ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան փորձառութիւնը եւ զինեալ ուժերու համադրելիութեան բարձր մակարդակը։ Մնացականեան նշեց, որ Կիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական սահմանապահ զօրքերու ռազմակայանը այս ոլորտէն ներս համագործակցութեան դրական ու կարեւոր օրինակներէն մին է։

Զրոյցի տեւողութեան Մնացականեան եւ Ֆոմին քննարկեցին միջազգային եւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներ։ Անոնք յատուկ անդրադարձ կատարեցին Մերձաւոր Արեւելքի եւ մանաւանդ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրադրութեան, ահաբեկչական խմբաւորումներու գործողութիւններուն հետեւեանքով տարածքաշրջանի ազգային ու կրօնական փոքրմասնութիւններուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։ Զօհրապ Մնացականեան նշեց, որ Հայաստան շատ զգայուն է տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն նկատմամբ, որովհետեւ անոնք ուղղակիօրէն կ՚առընչուին Սուրիայէ ներս հայերու անվտանգութեան, հայկական հարուստ պատմամշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցին։ Զրուցակիցները ընդգծեցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մէջ միջազգային հանրութեան միասնական գործերու կարեւորութիւնը։

Դաւիթ Տօնոյեան Ալեքսանտր Ֆոմինը ընդունելու ժամանակ տեղեկութիւններ փոխանցեց Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծի եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վրայ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Կարծիքներ փոխանակուեցան տարածքաշրջանային եւ միջազգային ռազմաքաղաքական կացութեան առընչութեամբ։ Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանի ռուսական ռազմակայանի գործունէութեան վերաբերեալ հարցերու։ Կողմերը փոխադարձ կարեւորեցին երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական եւ ռազմական, դաշնակցային յարաբերութիւններու խորացումը։ Քննարկուեցան նաեւ ռազմաքաղական համագործակցութեան ընթացիկ խնդիրները եւ առաջնային ծրագրերը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 3, 2018