ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Երէկ, Երեւանի մէջ սկսաւ Համահայկական 8-րդ կրթական խորհրդաժողովը, որ համախմբած է աշխարհի 24 երկիրներէ 120 հայ կրթական մշակներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողովի բացումը, որու ընթացքին հրապարակուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատգամը։ Խորհրդաժողովի բացման փուլին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան եւ Արցախի Կրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան։ Այս առթիւ Արայիկ Յարութիւնեան նշեց, որ սփիւռքի հետ կրթական առընչութիւնները համահայկական համագործակցութեան կարեւոր բաղադրիչներէն մին կը հանդիսանան։ «Կրթութեան դաշտի մէջ կը վերարտադրուին եւ կը ձեւաւորուին արժէքներ, որոնք պիտի ըլլան հայու վաղուայ օրուան քաղաքական եւ մշակութային օրակարգի հիմքին», ըսաւ նախարար Յարութիւնեան եւ աւելցուց, որ խորհրդաժողովները կը կազմակերպուին երկու տարուայ պարբերականութեամբ եւ անոնց նպատակն է քննարկել սփիւռքի հայկական կրթօճախներու հարցերը, յստակեցնել կրթութեան ոլորտէ ներս Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագրերը։

Համահայկական 8-րդ կրթական համաժողովը ունի քառօրեայ աշխատանքային ծրագիր մը։ Առանձին բաժիններու մէջ քննարկման առարկայ կը դառնան սփիւռքի ամէնօրեայ եւ կամ միօրեայ դպրոցներէ ներս արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի դասաւանդման խնդիրները՝ ոչ-աւանադական մեթոտներու օգտագործման հնարաւորութիւններով հանդերձ։ Օրակարգի վրայ են նաեւ կրթական կառոյցներու երկկողմանի համագործակցութեան հեռանկարները, արտադասարանական աշխատանքի կազմակերպման հարցերը, նախադպրոցականներու եւ մեծահասակներու կրթութեան կազմակերպման առանձնայատկութիւնները, սփիւռքի դպրոցներէ ներս ճատրակի ուսուցման հնարաւորութիւնները։

Խորհրդաժողովի աւարտին պիտի ընդունուի բանաձեւ մը, որ յառաջիկայ երկու տարիներուն Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան համար ուղենիշ պիտի դառնայ։

Հարկ է նշել, որ համաժողովին պոլսահայ կրթական մշակներ ալ կը մասնակցին։

Ուրբաթ, Օգոստոս 3, 2018