ՍԻՆԿԱՓՈՒՐԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ հանդիպում մը ունեցան Սինկափուրի մէջ։ Սա նուրբ նշանակութիւնով տեսակցութիւն մըն էր, որովհետեւ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ ներկայիս դարձեալ ստեղծուած է լարուած մթնոլորտ մը։ Այդ լարուածութեան հիմնական պատճառն է Թուրքիոյ մէջ պատուելի Պրանսընի տնային կալանքի դատապարտուած ըլլալը։ Այս իրադարձութիւնը տագնապալի կացութիւն մը յառաջացուցած է երկու դաշնակից պետութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ։ Անոնք սկսած են բռնամիջոցներ գործադրելու մասին մտածել իրարու դէմ։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Սինկափուրի մէջ Չավուշօղլու-Փոմփէօ հանդիպումը անցած է շինիչ մթնոլորտի մը պայմաններուն ներքեւ։ Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումներուն, Չավուշօղլու նշած է, որ պիտի շարունակեն աշխատիլ խնդիրներու լուծման նպատակով։ «Մենք յայտնեցինք, որ որեւէ արդիւնքի կարելի չէ հասնիլ սպառնական լեզուով եւ պատժամիջոցներով։ Կը մտածենք, թէ հասկնալի դարձած է այս բանը», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու։

Սինկափուրի այս հանդիպումէն առաջ, Չավուշօղլու եւ Փոմփէօ օգոստոսի 1-ին ունեցած էին հեռախօսազրոյց մը։ Երկու նախարարները յուլիսի 18-ին, 26-ին եւ 28-ին ալ հեռախօսազրոյցներ ունեցած էին։ Այսինքն, վերջին տասնհինգ օրուան ընթացքին Չավուշօղլու եւ Փոմփէօ հեռաձայնի վրայ խորհրդակցեցան չորս անգամ։

Չավուշօղլու Սինկափուրի մէջ ունեցաւ այլ երկկողմանի հանդիպումներ։ Հարկ է նշել, որ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Մայք Փոմփէօ Սինկափուրի մէջ կը գտնուէին՝ Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ ազգերու միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 51-րդ ժողովին առթիւ։

Սինկափուրի այս առաւօտեան հանդիպումէն վերջ հաղորդուեցաւ, որ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Մայք Փոմփէօ որոշած են երկխօսութիւնը շարունակել։ Թուրքիոյ ժամով 07.30-ին սկսաւ Չավուշօղլու-Փոմփէօ հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ 40 վայրկեան։ Հանդիպումէն վերջ Փոմփէօ անդրադարձաւ ԱՄՆ-ի կողմէ Թուրքիոյ պարագային նախատեսուած պատժամիջոցներու հարցին։ «Պատժամիջոցները ցոյց տուին, թէ որքան լուրջ ենք պատուելի Պրանսընի երկիր վերադարձի նիւթին շուրջ», յայտնեց պետական քարտուղարը։ «Ռէօյթըրզ» գործակալութեան հաղորդումներով, ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներն ալ հանդիպումէն վերջ յայտնեցին, թէ կողմերը առկայ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ պիտի աշխատին։

Հարկ է նշել, որ Չավուշօղլու Սինկափուրի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Էնտոնեզիոյ, Ճաբոնի, Հնդկաստանի, Աւստրալիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 3, 2018