ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԻՋԵՒ ԽՏԱՑԵԱԼ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ խտացեալ շփումներ տեղի ունեցան։ Այսպէս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի շուրջ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքը։ Երկու ղեկավարները համամիտ գտնուեցան՝ շարունակելու համար շփումները զանազան մակարդակներու վրայ։ Անոնք անդրադարձան նաեւ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած եռակողմանի համաձայնութիւններու իրականացման շարք մը գործնական երեսակներուն։ Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական աղբիւրներն ալ նոյնաբովանդակ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին այս զրոյցին կապակցութեամբ։

Բաց աստի, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Թէ՛ Երեւանի եւ թէ Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրները յայտարարութիւններով հանդէս եկան այս հեռախօսազրոյցին շուրջ՝ հաղորդելով զանազան մանրամասնութիւններ։

Ըստ ռուսական աղբիւրներուն, հեռախօսազրոյցի ընթացքին նախարարները քննարկեցին Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած վերջին եռակողմանի բարձր մակարդակի համաձայնութիւններու իրականացման ընթացքը։ Վերահաստատուեցաւ յանձնառութիւնը համապարփակ եւ արդիւնաւէտ կերպով զանոնք կեանքի կոչելու ուղղութեամբ՝ մասնաւորապէս Հարաւային Կովկասէ ներս փոխադրութեան ու տնտեսական կապերու ապաշրջափակման, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմաններու յստակացման, նաեւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերուն շուրջ։

Երկկողմանի յարաբերութիւններու համատեսքին մէջ յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան հայ-ռուսական կապերու ներկայ վիճակն ու ապագայ սերտացման հեռանկարները՝ բարձր մակարդակի շփումներու ընթացքին գոյացած համաձայնութիւններու իրականացման պարունակին մէջ։ Նախարարները գոհունակութեամբ ընդգծեցին Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ համագործակցութեան բարձր մակարդակը՝ Եւրոասիոյ ընդհանուր համարկման կառոյցներու շրջանակներէն ներս։ Քննարկուեցան նաեւ ապագային նախատեսուած երկկողմանի ձեռնարկներու ծրագրերը։

Երեւանի աղբիւրներն ալ նոյն զրոյցին կապակցութեամբ մատնանշեցին, որ Միրզոյեան եւ Լաւրով կարեւորած են Ատրպէյճանի հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակուիլը։ Ուշագրաւ է, որ հայկական կողմէն տեղեկացուած այս կէտը չէ մատնանշուած ռուսական կողմի հրապարակած մանրամասնութիւններուն մէջ։

Բաց աստի, Միրզոյեան եւ Լաւրով քննարկեցին տարածաշրջանի առկայ անվտանգութեան իրավիճակը։ Կողմերը անդրադարձան նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ տարածաշրջանային կամ միջազգային բնոյթի հարցերու։

Հարկ է նշել, որ Փաշինեան-Փութին եւ Միրզոյեան-Լաւրով հեռախօսազրոյցները զուգադիպեցան ուշագրաւ ժամկէտի մը։ Արդարեւ, վերջին օրերուն Ստեփանակերտէն դարձեալ մտահոգիչ լուրեր հասան, թէ Ատրպէյճան դարձեալ ոտնձգութիւններ կ՚ընէ Արցախի դէմ ու կը թիրախաւորէ անոր զանազան հատուածները։ Այս հեռախօսազրոյցներուն զուգահեռ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկ յայտարարեց, որ Մոսկուա աշխոյժ ներդրում ունի Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման ուղղութեամբ։ Ըստ Զախարովայի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Լաւրովի յատուկ ներկայացուցիչը՝ Իկոր Խովայեւ կանոնաւոր խորհրդակցութիւններ կ՚իրականացնէ կողմերուն հետ՝ ընդհանուր լեզու մը գտնելու, փոխադարձ ընդունելի հիմնարար սկզբունքներու, խաղաղութեան համաձայնագրի ուրուագծին հասնելու համար։ Զախարովա յայտնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատումը նոյնպէս Ռուսաստանի միջնորդական ջանքերու կարեւոր ուղղութիւններէն մին է երկխօսութեան բարելաւման ճանապարհով։

«Մեր կողմէ միշտ պատրաստ ենք ընդունիլ մեր հայ եւ ատրպէյճանցի ընկերները Ռուսաստանի տարածքին։ Համոզուած ենք, թէ նախկին խորհրդային միութեան տարածքէն ներս սահմանազատման ու սահմանագծման առումով մեր երկրի եզակի մասնագիտական հնարաւորութիւններն ու կարողութիւնները կրնան զգալիօրէն ամրապնդել անվտանգութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ եւ ընդհանուր առմամբ տարածաշրջանին մէջ», յայտարարեց Զախարովա եւ աւելցուց, որ Մոսկուայի մեկնակէտն է, թէ Երեւանն ու Պաքուն պիտի որոշեն կարգ մը միջոցառումներու յստակ ժամկէտները։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2022