ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան նախընթաց օր շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ, ուր բարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Արայիկ Յարութիւնեան Թիֆլիզ այցելութեան ծիրէն ներս ընդունուեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի կողմէ, նաեւ տեսակցեցաւ հարեւան երկրի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ռեվազ Ճավելիծէի հետ։

Արայիկ Յարութիւնեան Թիֆլիզի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլիի հետ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2022