ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅ-ՉԻՆԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐՈՑ

Երեւանի մէջ բացուեցաւ հայ-չինական բարեկամութեան դպրոցը, որ կառուցուած է Չինաստանի աջակցութեամբ:

Բացման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ դպրոցի աշակերտներուն համար չինարէնի ուսուցումը մեծ կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ:

«Յայտնի ասացուածք կայ՝ քանի լեզու գիտես, այնքան մարդ ես: Չինարէնի իմացութիւնը կարելիութիւն կու տայ՝ հասու ըլլալ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան պատմութեան հսկայական շերտի մը եւ անսահման տեղեկատուութեան: Յոյս ունիմ, որ այս դպրոցը կը դառնայ այն խողովակը, որուն միջոցով հայ ժողովուրդը առաւել խորութեամբ կը տեղեկանայ այն մեծ ազդեցութեան, զոր Չինաստանն ու չինական քաղաքակրթութիւնը ունեցած են մարդկութեան զարգացման վրայ», ընդգծեց վարչապետը:

Դպրոցին մէջ ուսուցումը պիտի կազմակերպուի վարժարանի օրինակով, ուսումնական հաստատութեան մէջ պիտի գործեն 5-12-րդ դասարաններ: Ուսումնական գործընթացի կազմակերպման համար չինարէնի ուսուցիչները պիտի հրաւիրուին Չինաստանէն: Ըստ Հայաստանի մօտ Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիէն Ըրլոնկիի, դպրոցը հայ-չինական լաւ յարաբերութիւններու ապացոյցն է:

«Թէեւ Չինաստան եւ Հայաստան իրարմէ հեռու կը գտնուին, բայց երկու երկիրներն ալ ունին հնագոյն պատմութիւն եւ հարուստ մշակոյթ: Հայաստանի մէջ չինարէն սորվողներուն թիւը հազարէն աւելի է: Հայերէնի մէջ կայ չնաշխարհիկ բառը, որ բառացիօրէն կը թարգմանուի որպէս Չինաստան աշխարհի, եւ կը նշանակէ՝ հիասքանչ: Կը հաւատամ, որ հայ-չինական բարեկամութեան դպրոցը իսկապէս չնաշխարհիկ դառնայ», նշեց դեսպանը:

Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանն ալ յայտնեց, որ յետագային յայտնի պիտի դառնան այն փոքրիկներուն անունները, որոնք կարելիութիւն պիտի ունենան յաճախելու այս դպրոցը: «Դիմողներուն թիւը շատ մեծ է, սակայն կարելիութիւնները սահմանափակ են: Ծրագիրը մեր հանրակրթական դպրոցի ծրագիրն է. ուրեմն, կոչ կ՚ընեմ ծնողներուն՝ եթէ իրենց փոքրիկները չեն ընդունուած այս դպրոցը, զանոնք ուղարկեն չինարէնի ուսուցումով այլ դպրոցներ: Եթէ չեմ սխալիր, այսօր այլ վեց այսպիսի դպրոցներ կան», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, դպրոցը նախատեսուած է 405 աշակերտի համար: Անիկա ապահովուած է՝ տարրալուծարաններով, լեզուի ուսուցման դասարաններով, գրադարանով, համակարգչային լսարաններով, պարասրահով եւ մշակութային կեդրոնով: Հայ-չինական բարեկամութեան դպրոցին մէջ պիտի գործէ նաեւ Չինաստանի թանգարան:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2018