ԿԱՅՈՒՆ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ

Foreign Policy Centre անգլիական վերլուծական կեդրոնի մասնագէտներէն Կրէյկ Օլիֆանտ վերջերս յօդուած մը գրի առաւ Հայաստանի մասին։ Ան համոզուած է, որ անցեալ ապրիլին տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութենէն եւ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան գլուխ գալէն ի վեր Հայաստանի զարգացումները կարծես լաւատեսութեան եւ զգուշութեան միտումներ ունին։ Վերլուծաբանը փորձած է խոշորացոյցի տակ բերել, թէ ի՞նչ բարեփոխումներու եւ մարտահրաւէրներու կը սպասուէին Հայաստանի մէջ իշխանափոխութեան լոյսին տակ։ Օլիֆանտ շեշտած է, որ ապրիլի իրադարձութիւնները թէեւ անսպասելի էին, սակայն անոնք տեղի ունեցան միանգամայն խաղաղ կերպով։ Փաշինեանի եւ անոր կառավարութեան նկատմամբ դրական վերաբերմունք մը կայ ժողովուրդի կողմէ։ Միեւնոյն ժամանակ, լայնածաւալ բարեփոխումներ իրականացնելու կարիքը կայ, յատկապէս քաղաքաշինութեան, գիւղատնտեսութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ։ Անհրաժեշտ է նաեւ ուսումնասիրել երիտասարդ տաղանդաւոր մասնագէտներու հարցը, ինչպէս նաեւ արտասահման մեկնածներու վերադարձի խնդիրը։ Վերլուծաբանը համոզուած է, որ տակաւին հսկայական աշխատանք պէտք է կատարուի՝ բարեփոխումներու կայուն յառաջընթացը տեսանելի դարձնելու համար։ «Հայաստան պահանջուածին նման առեւտրային յարաբերութիւններ եւ ներդրումներ չի կրնար ունենալ, եթէ բարեփոխումներու մասին յստակութիւն չըլլայ», գրած է վերլուծաբանը։

Բաց աստի, ըստ Օլիֆանտի, նոր կառավարութեան առջեւ կայ նաեւ այլ բարդ խըն-դիր մը եւս։ Արդարեւ, երկիրը կը գտնուի թէ՛ տնտեսութեան եւ թէ անվտանգութեան տեսակէտէ խոցելի իրավիճակի մը մէջ։ Բնակչութեան գրեթէ 30 տոկոսն ալ կ՚ապրի աղքատութեան շեմին։ «Սակայն ակնկալութիւնները այժմ մեծ են եւ ժամանակը միշտ չէ, որ կ՚անցնի նոր կառավարութեան ի նպաստ։ Այնպէս, որ սա եւս կը խանգարէ շօշափելի արդիւնքներու հասնիլը», մատնանշած է յօդուածի հեղինակը։

Տարածքաշրջանի համատեսքին մէջ, կարծես, մեծ փոփոխութիւններ չեն նկատուիր։ Հեղինակը կը նշէ, որ ի տարբերութիւն ընդդիմութիւն եղած ժամանակներուն, վարչապետ դառնալէ յետոյ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, թէ Հայաստան պիտի մնայ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան եւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան կազմին մէջ։ Իսկ Պրիւքսել կատարած այցելութեան ժամանակ Փաշինեանի փոխանցած գլխաւոր պատգամը եղաւ, որ Հայաստան այլեւս փտած, սակաւատիրական ու մենատիրական պետութիւն մը չէ։ Վարչապետի գլխաւոր այցեքարտը իր օրինականութիւնն է։

Վերլուծաբան Օլիֆանտի դիտարկումներով՝ Ռուսաստանի ազդեցութիւնը մեծ է պետութեան վրայ, շարք մը պատճառներով։ Այդ պատճառներու շարքին ան կը դասէ ուժանիւթի ոլորտի, անվտանգութեան եւ ռազմավարական բնոյթի շարք մը լծակներու գոյութիւնը։ Մասնագէտը անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան։ Ըստ իրեն, Հայաստանի կողմէ մեծ փոփոխութիւններ դժուար թէ ակնկալուին։ Փաշինեան այս հարցին շուրջ երկու կարեւոր յայտարարութիւն ըրած է։ Ան կը խօսի միայն Հայաստանի անունով, իսկ Արցախը պէտք է ներկայացնեն Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները։ Իսկ երկրորդ յայտարարութիւնը եղած է այն, որ Պաքու պէտք է յստակ յայտարարէ՝ խաղաղ բանակցութիւններ վարելու մասին պատրաստակամութիւնը։ Իսկ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Ստեփանակերտը ներառնող բանակցութիւններու ձեւաչափը կը բացառէ։ Այս դիրքորոշումներուն հիման վրայ եւ յառաջիկայ վաղահաս ընտրութիւններուն ընդառաջ Երեւանի նոր կառավարութեան համար ճկունանալու սահմանափակ հնարաւորութիւններ կան։ Ուստի, վերլուծաբանը կ՚ընդգծէ, որ դժուար է տեսնել բանակցութիւններու մէջ յառաջընթացի վաղ հեռանկար մը։ Ան կ՚աւելցնէ, որ Պաքուի ռազմատենչ յայտարարութիւններուն մէջ որոշակի թուլացում մը հնարաւոր է տեսնել։ Ան կը կարծէ, թէ սեպտեմբերի 1-ին Ալիեւի՝ դէպի Մոսկուա նախատեսուած այցելութեան պէտք է հետեւիլ նաեւ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ հաւանական հեռահար կապի մը հաստատման համատեսքին մէջ։  

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2018