ԱԼԻԵՒԷՆ ԽԻՍՏ ԲՈՂՈՔ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը անհանգիստ է Հայաստանի, Յունաստանի եւ Յունական Կիպրոսի ռազմական համագործակցութեան բերումով եւ արեւելեան Միջերկրականի վերաբերեալ բոլոր հարցերու կապակցութեամբ կը զօրակցի Թուրքիոյ։

Իլհամ Ալիեւ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Պաքուի մօտ Յունաստանի նորանշանակ դեսպան Նիքոլաս Փիփերիկոսի հետ։ Այս առթիւ Ալիեւ յիշեցուց, որ Ատրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութիւնը՝ ՍՕՔԱՐ մրցոյթի մասնակցելով վեց տարի առաջ իրաւունք շահած էր սեփականատէրը դառնալու Յունաստանի ուժանիւթի ընկերութեան՝ DESFA-ի։ Սա մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր Կազի հարաւային միջանցքին տեսակէտէ, որուն հետամուտ է Ատրպէյճան։ Պաքու այս գործարքին համար կատարած էր նաեւ 40 միլիոն եւրոյի կանխավճար մը, ինչ որ գործարքի ընդհանուրի 10 տոկոսին կը համապատասխանէ։ Այս գումարը 2014-2018 թուականներուն մնաց Յունաստանի մօտ։ Ըստ Ալիեւի, դժբախտաբար Յունաստանի նախորդ կառավարութիւնը հնարաւոր ամէն ինչ ըրաւ, որպէսզի ՍՕՔԱՐ այդ իրաւունքը կորսնցնէ։ Ատրպէյճան դիւանագիտական գետնի վրայ ոչինչ ըրաւ այդ բոլորին դէմ։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին Ալիեւ նշեց, որ Յունաստանի եւ Հայաստանի ռազմական համագործակցութիւնն ալ Ատրպէյճանի տեսակէտէ կարեւոր սպառնալիք մըն է։ Ալիեւ կրկնեց նաեւ իր անհանգստութիւնը Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանի զինման պատճառով։

Հանդիպման աւարտին, Իլհամ Ալիեւ նշած է, որ չի յաջողիր գտնել դրական նիւթ մը՝ Ատրպէյճան-Յունաստան յարաբերութիւններուն շուրջ։ Ուստի, ան պահանջած է, որ Աթէնք վերատեսութեան ենթարկէ Պաքուի ուղղեալ իր քաղաքականութիւնը։ Իլհամ Ալիեւ դիտել տուած է, որ ներառեալ արեւելեան Միջերկրականի հարցերը՝ Ատրպէյճան բոլոր խնդիրներու պարագային անվերապահօրէն կը զօրակցի եղբայրական Թուրքիոյ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2020