ԴԻԼԻՋԱՆԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան երէկ Դիլիջանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար Անտրէյ Քարթափոլովի հետ։ Այս վերջինը Հայաստան այցելեց «Խաղաղութեան մարտիկ» մրցոյթի փակման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցելու համար։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Դաւիթ Տօնոյեան եւ Անտրէյ Քարթափոլով երէկուան հանդիպման ընթացքին քննարկեցին Հայաստան-Ռուսաստան համագործակցութեան օրակարգի փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ շարք մը հարցեր։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2020