ԼԱՒՐՈՎ ԿԸ ԿԱՆԽԱՏԵՍԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան շահագրգռուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ իրավիճակի կարգաւորումով։

Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական կաճառի ուսանողներու եւ դասախօսներու հետ հանդիպման ընթացքին Սերկէյ Լաւրով անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան։ Ան տեղեկացուց, որ ներկայ շաբթուան սկիզբին կապ պահած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Լաւրով ըսաւ.

«Մենք այնպէս կը զգանք, որ երկու կողմերն ալ շահագրգռուած են, որպէսզի իրավիճակը հանդարտի եւ վերսկսին հանդիպումները, որոնք ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ներկայացուցիչները կը կազմակերպեն տարածքաշրջանէն ներս»։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Լաւրով համոզուած է, թէ անցեալ ամսուան բախումներէն յետոյ երկու կողմերն ալ կողմնակից են ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու տարածքաշրջանային այցելութիւններու վերսկսման։ Ան յիշեցուց, որ այդ այցելութիւններուն որպէս կանոն կը յաջորդէ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը։ Ռուս նախարարը շարունակեց.

«Մեր գիծը յենուած է 18 տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած համալիր փաստաթուղթերու վրայ։ Կան այսպէս կոչուած՝ Մատրիտեան սկզբունքներ եւ կան փաստաթուղթերու թարմացեալ տարբերակներ։ Հիմա մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս առկայ այսպէս կոչուած՝ լճացման պայմաններուն ներքեւ կը լսուին ձայներ, թէ պէտք է հրաժարուիլ այդ փաստաթուղթերէն եւ պէտք է սկսիլ մաքուր էջէ եւ կամ կը խօսուի B ծրագիր մը գործողութեան մէջ դնելու մասին։ Մենք կը կարծենք, թէ սա մեծ սխալ մըն է, վստահ ենք, թէ վերջին տարիներուն կատարուածը պէտք է ծառայէ որպէս հիմք՝ մեր ապագայ աշխատանքներուն վրայ։ Ես չեմ բարձրաձայներ, թէ սկզբնական ինչ համաձայնութիւններ կան, սա խորհրդապահական է, բայց կրնամ վստահեցնել, թէ այնտեղ կան հանգուցալուծումներ, որոնք արդարութիւն կ՚ապահովեն թէ՛ ատրպէյճանական եւ թէ հայկական կողմի համար»։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2020