ԿԼՈՊԱԼ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐ

Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Խորհրդակցութեան բարձրագոյն մարմինը երէկ ժողով մը գումարեց Անգարայի մէջ։ Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս նիստը, որու ընթացքին առաջնահերթօրէն ձեռք առնուեցան արտաքին քաղաքական իրադարձութիւնները։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, արեւելեան Միջերկրականի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները այս ամբողջին մէջ առաջնահերթ էին։ Դռնփակ ժողովը տեւեց շուրջ երկուքուկէս ժամ։ Նիստի աւարտին կատարուեցաւ գրաւոր յայտարարութիւն մը, ըստ որու խորհուրդի անդամները օրակարգի նիւթերուն շուրջ բաժնեցին իրենց փորձառութիւնը, պաշարն ու տեսակէտները։ Անոնք մէկ կողմէ արժեւորեցին նոր շրջանի զարգացումները, իսկ միւս կողմէ կարծիքներ փոխանակեցին թրքական դիւանագիտութեան յառաջիկայ շրջանի հնարաւորութիւններուն կապակցութեամբ։ Ընդգծուեցաւ, որ Թուրքիա առաջին անգամ սկսած է հետեւիլ՝ սեփական առաջնահերթութիւններու, կարիքներու եւ ծրագրաւորումներու հիման վրայ ձեւաւորուած արտաքին քաղաքականութեան։

Նոյն ծիրին մէջ մատնանշուեցաւ, որ Սուրիայէ ներս Թուրքիոյ կողմէ կատարուած գործողութիւնները չեն սահմանափակուած տարածքաշրջանային մակարդակով, այլեւ՝ խանգարած են կլոպալ խաղերը։ Լիպիոյ հետ կատարուած համաձայնութիւններով Թուրքիա փուլ բերած է արեւելեան Միջերկրականի պարագային իրեն դէմ պատրաստուած բեմագրութիւնները։ Ժողովականները յարմար դատեցին, որ Իրաքի հիւսիսէն ներս ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղեալ գործողութիւնները պէտք է նոր ռազմավարութեան մը առանցքին շուրջ ընթանան՝ դաշտի վրայ գերակայութեան առաջնահերթութիւնով։ Արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառին մէջ անկախ եւ աշխոյժ վարուելու ուժը միեւնոյն ժամանակ անխուսափելի կը դարձնէ շարք մը լարուածութիւնները։ Ներկայիս Թուրքիա ունի քաղաքական, դիւանագիտական ու զինուորական հնարաւորութիւններով բոլոր խնդիրները յաղթահարելու ուժը, կամքն ու վճռակամութիւնը։ Երկիրը տարածքաշրջանային եւ համաշխարհային բոլոր խնդիրներու պարագային ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ, ինչ որ յաւելեալ պատասխանատուութիւններ կը ծնի։

Հարկ է նշել, որ այս նոյն խորհուրդի ժողովներուն ընթացքին կը մշակուէին հայկական հարցի վերաբերեալ Անգարայի նոր մօտեցումները։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2020