1596 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի նոր դէպքերը ամենաբարձր մակարդակի վրայ կ՚արձանագրուին մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Երէկ, Առողջապահութեան նախարարութեան առընթեր Գիտական խորհուրդը գումարեց ժողով մը, որ տեւեց աւելի քան երեք ժամ։ Նախարար Ֆահրետտին Քոճա նիստէն վերջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Ան այս առթիւ յայտարարեց, որ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ առաջին ալիքի վերելքի երկրորդ փուլը կ՚ապրուի ներկայիս։ Ըստ նախարարին, կարելի չէ ըսել, որ երկրէն ներս համաճարակը հակակշիռէ դուրս եկած է։ Շրջանէ շրջան տարբերութիւններ կը նկատուին, սակայն ընդհանուր առմամբ համաճարակը հակակշռի տակ է Թուրքիոյ մէջ։ Այս իրավիճակին մէջ, որոշուած է ձեռք առնել նոր նախազգուշական միջոցներ։ Առողջապահութեան համակարգն ալ կը պատրաստուի պայքարի նոր շրջանի մը։

Պատկան մարմինները երկրի 81 քաղաքներու պարագային սահմանած են նոր միջոցներ։ Այս ամբողջին մէջ մանաւանդ սահմանափակումներ կը նախատեսուին հարսանեկան արարողութիւններուն համար։

Միւս կողմէ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամերուն հրապարակեց երկրի վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 107 հազար 927 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1596 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 45 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ՝ 947։ Ներկայ դրութեամբ 1017 վարակեալի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Այս բոլորի լոյսին տակ Ֆահրետտին Քոճա շեշտեց, որ համաճարակը թափով կը ծաւալի եւ ամէն օր աւելի թիւով մարդ կը վարակուի քորոնաժահրով։ Նախարարը աւելցուց, որ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը առաջին օրուայ զգայնութիւնով կը շարունակէ հնազանդիլ սահմանափակումներուն։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2020