ԳՈՐԻՍԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) այս շրջանին լուրջ նպաստ կը բերէ՝ յետպատերազմեան իրավիճակին մէջ Հայաստանին վիճակած մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ուղղութեամբ։ Այսպէս, միութեան խրախուսանքով Երեւանի մէջ վերջերս կեանքի կոչուեցաւ վերապատրաստման ծրագիր մը, որու նպատակն էր օգնել՝ Հայաստանի կլոպալ մետիա ծածկոյթի բացերը լրացնելու։

Արցախի երկրորդ պատերազմին զուգահեռ ներկայիս հայկական կողմը կը կատարէ զանազան հետեւութիւններ։ Առկայ դառն դասերէն մին է, որ Հայաստան չկարողացաւ ազդու հակազդեցութիւն մը ցոյց տալ՝ իր դէմ ծաւալւած ապատեղեկատուութեան փոխարէն։ Այս հանգամանքը պատճառ դարձաւ միջազգային լրատուամիջոցներու ակնյայտ կողմնակալութեան, ինչ որ զգալի դարձաւ ո՛չ միայն օտար մամուլի պարագային, այլեւ՝ աշխարհաքաղաքական ու դիւանագիտական հարթութեան վրայ։

Այս բոլորի լոյսին տակ Երեւանի մէջ ձեռնարկուած ծրագիրը կազմակերպուած էր ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ արհեստավարժներուն (ԵԱ) կողմէ։ Վեցօրեայ աշխատաժողովը խորագրուած էր՝ «Սթորիթելինկը լրագրութեան մէջ. անհերքելի փաստերէ մինչեւ բարդ բովանդակութիւններ»։ ԵԱ-ի Մատրիտի խումբի ղեկավար Տիրան Կիլիկեան այս կապակցութեամբ ունի հետեւեալ դիտարկումները. «Հայաստան, միանշանակ, տեղեկատուական պատերազմը տանուլ տուաւ Արցախի մէջ։ Պատճառը այն էր, որ պատերազմի ընթացքին չկար ջանքերը համակարգելու կուռ ռազմավարութիւն մը։ Պատճառներէն մին ալ այն էր, որ մենք ժամանակի մեծ մասը վատնեցինք իրարու հետ խօսելու համար՝ արտաքին աշխարհի հետ խօսելու փոխարէն։ Չգիտնալով, թէ ինչպէ՛ս պէտք է մօտենալ այս հարցին, հաշուի առնուեցաւ օտար լրագրողի մը կողմէ մեզի տրուած խորհուրդը, որն է՝ հանդէս գալ վերապատրաստման ծրագրով մը»։

Սոյն նախագծի շրջանակէն ներս աշխատանքները տեղի ունեցան Հայաստանի Գորիս քաղաքին մէջ։ «Ronak Press» գործակալութեան աշխոյժ խումբը սենեակի մը մէջ մէկտեղուած էր Հայաստանէն ու Արցախէն լրագրողներու հետ՝ այս վերջիններուն սորվեցնելու համար, թէ ինչպէ՛ս կրնան հայրենի պատմութիւնները ներկայացնել միջազգային լսարանին։ «Ronak»ը կը գործէ Սպանիոյ մէջ, ուր Պասքերու երկրէն ներս տեղակայւած է՝ շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութեան կարգավիճակով։ Ան կը միաւորէ 33-րդ զուգահեռականի ամբողջ երկայնքով՝ Ափրիկէէ ներս գտնուող, Արեւմտեան Սահարայէն մինչեւ Արեւմտեան Ասիոյ մէջ գտնուող Արեւելեան Պելուճիստանը, պատերազմական իրադարձութիւնները լուսաբանող համաշխարհային համարումով լրագրողներ, որոնք կ՚աշխատակցին տպագիր կամ տեսալսողական լրատուամիջոցներու համար։ Հինգ հոգիէ բաղկացեալ այս խումբը, որ մեկնած էր Գորիս, նախապէս ալ մետիայի աշխատաժողովներ իրականացուցած էր Ալճերիոյ, Լիպիոյ եւ Հիւսիսային Իրաքի տեղացի թղթակիցներու համար։

«Արցախի պատերազմի ընթացքին ես նկատեցի, որ տեղացի բազմաթիւ լրագրողներ զբաղած են ինքնագրաքննութեամբ եւ քարոզչութեամբ՝ ի նպաստ հայոց ընդհանուր շահերու», ըսաւ այս առթիւ «Ronak Press»ի համահիմնադիր Քարլոս Սուրութուսա։ Աշխատաժողովի ընթացքին ան նախ ներկայացուց Կիւմրիէ ներս իրականացուելիք ծրագիրը եւ Տիրան Կիլիկեանին առաջարկեց ստանձնել տպագիր լրագրութեան բաղադրիչի ղեկավարումը։ «Միեւնոյն ժամանակ, այստեղ կ՚աշխատէին պատերազմներու մէջ թրծուած օտարերկրեայ թղթակիցներ, որոնք, տեղւոյն վրայ գտնուելով հանդերձ, անհրաժեշտ չափով չէին տիրապետեր պատմական ու մշակութային մանրամասնութիւններու, որպէսզի հակամարտութիւնը լուսաբանելու ժամանակ տեղ չթողնէին կաղապարներու համար։ Խնդրի մասին քաջատեղեակ, բայց, միեւնոյն ժամանակ, անկողմնակալ ձեւով խօսելու ընդունակ հայ թղթակցի բացակայութեան հանգամանքը դրդեց ձեռնարկել այս վերապատրաստման», պարզաբանեց պասք լրագրողը, որու թղթակցութիւնները Իրաքի, Սուրիոյ եւ այլ պատերազմներէ՝ զբաղեցուցած են «Deutsche Welle»ի, «Al-Jazeera»ի եւ «Middle East Eye»ի նման հեղինակաւոր պարբերականներու գլխագրերը։

Գորիսի աշխատաժողովը կազմակերպուած էր երկու մասով։ Առաջին կէսը նուիրուած էր տպագիր մամուլին, լուսանկարչութեան եւ վիտէօլրագրութեան տեսութեան, ներառեալ՝ պատմութիւնները միջազգային մամուլին ներկայացնելու եւ լուսանկարչական սարքէ կամ տեսախցիկէ օգտուելու հարցերը։ Երկրորդ բաժնին մէջ վերապատրաստեալները դուրս եկան Գորիսի փողոցները՝ «որսալու» համար պատմութիւններ տեղի համայնքի մասին։ Արդարեւ, այդ շրջանի բնակիչները ներկայիս ստիպուած են Ատրպէյճանի ներկայութեան հետ առերեսուելու իրենց դարպասներուն մօտ՝ նախապէս հայկական հսկողութեան տակ գտնուող Լաչինի շրջանի յանձնումէն յետոյ։ Այս վարժութիւնը հանդիսացաւ ծրագրի աւարտական յանձնարարութիւնը մասնակիցներուն համար։

Վերապատրաստման ծրագրի ամբողջին մէջ լման աշխատանքային օր մը նշանաւորուեցաւ Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեանի այցելութիւնով։ Ան այս առթիւ պատասխանեց զանազան հարցումներու, որոնք կը վերաբերէին տարածքաշրջանի իրավիճակին եւ Արցախ մուտք գործելու համար լրագրողներու պարագային յառաջացած խնդիրներուն։ Լրատուամիջոցներու պարագային մասնակի սահմանափակումները նախարարը պատճառաբանեց տեղեկատուական հոսքերու վտանգով։ Արդարեւ, այդ հոսքերը կրնան աւելի վտանգել տարածքաշրջանի՝ առանց այդ ալ փխրուն անվտանգութիւնը։

Ծրագրի մասնակիցներէն Անահիտ Մարգարեան-Անտոնեան տոքթորականի թեկնածու մըն է։ Սպանիոյ հարաւի Քատիսի եւ Կրանատայի համալսարաններէն ներս ան սպաներէն աղբիւրներու օգնութեամբ կը հետազօտէ ցեղասպանութիւններու վերաբերեալ հարցեր։ Իր թեզին համար Ծիծեռնակաբերդի թանգարան-կաճառի արխիւներէն ներս ուսումնասիրութիւններ ընելու նպատակով ան այցելած էր Հայաստան եւ իր կեցութեան օրերուն դիմում ներկայացուցած՝ այս վերապատրաստման ծրագրին մասնակցելու համար։ Իր հիմնական նպատակը եղած էր՝ սորվիլ, թէ ինչպէս կրնայ արտաքին աշխարհին ներկայացնել Հայաստանի բազմաթիւ հետաքրքրական պատմութիւնները։ Ան կը նախատեսէ այս բանը ընել՝ որպէս տեղական լրագրի մը արտահաստիքային թղթակիցը։ «Դասընթացը ինձ սորվեցուց երկրիս պատուհասած խնդիրները դիտարկել նուազ յուզականութեամբ եւ առաւել առարկայական դիտանկիւնէ, որպէսզի անոնց լուսաբանումը առաւել համապատասխան ըլլայ միջազգային ընթերցողի չափորոշիչներուն», նշեց ան։

Արցախի հանրային հեռուստատեսութեան հաղորդավարներէն 33-ամեայ Անուշ Ղաւալեանին այս բոլորը կը թուէր ըլլալ շատ նուազ հաւանական։ «Երբ սկիզբէն միացայ ծրագրին, հաւատալս չէր գար, թէ հայ լրագրողի կողմէ պատրաստուած Արցախի պատմութիւնը կրնայ ներկայացուիլ օտար լսարանին։ Ես համոզուած էի, թէ անոնք կը մերժուին՝ որպէս ենթակայական կարծիք, անկախ հակառակը ապացուցանելու ուղղութեամբ մեր գործադրած մեծագոյն ջանքերէն», նշեց ան։

Վերապատրաստման ծրագրի հինգերորդ օրը Անուշ Ղաւալեան մտքի յեղափոխութիւն մը վերապրեցաւ։ «Անոնք ինծի օգնեցին հասկնալ, թէ խնդիրը թղթակցի ազգային պատկանելիութեան մէջ չէ, այլ ներկայացուած աշխատանքի որակի», խոստովանեցաւ ան։ «Եւ մենք այստեղ ենք այս բանին իսկ հասնելու համար», իր կարգին, յաւելեց Անտոնի Լուպաքի, որ լուսանկարա-լրագրութիւն դասաւանդեց վերապատրաստման օրերուն։ Ան 2016 թուականին Սուրութուսայի հետ համահիմնադրած է «Ronak Press»ը եւ իր աշխատանքները յայտնուած են «Associated Press»ի, «Newsweek»ի եւ «The New York Times»ի նման պարբերականներու էջերուն։

Դասընթացներու վիտէօլրագրութեան վերաբերեալ բաժինը վարեց «BBC»ի մասնագէտներէն Ճուան Ապտի, որ անգլիական հեղինակաւոր լրասփիւռին մէջ կ՚աշխատի՝ որպէս օփերաթէօր եւ արտադրիչ։ Իր վկայութեամբ, հեռանկարի փոփոխութիւնը առաւել ակներեւ դարձաւ բոլոր մասնակիցներու պարագային։ Ըստ իրեն, վերապատրաստման աւարտին, մասնակիցներու մեծամասնութիւնը ցուցաբերեց «աշխատելու եւ Հայաստանի լրատուական ասպարէզին մէջ բան մը փոխելու տենչը»։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ կարճ ժամանակ անց այս վերապատրաստման ծրագրի մասնակիցներէն ոմանց անունները պիտի երեւին մեծ հրատարակութիւններու հեղինակային սիւնակներուն մէջ։

ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի աղբիւրները մանրամասն մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին այս վերապատրաստման ծրագրին շուրջ։ Աշխատանքներու աւարտին հաւաստագրերու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ, նաեւ կազմակերպուեցաւ հրաժեշտի ընթրիք մը։ Եզրափակիչ փուլին միացան նաեւ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Վազգէն Եագուպեան եւ ԵԱ-ի Երեւանի խումբի ղեկավար Հայկազ Նահապետեան։ «ՀԲԸՄ մշտապէս ձգտած է գտնել գործօն միջոցներ հայկական սփիւռքը ներգրաւելու համար Հայաստանի զարգացման ուղղեալ իր ծրագրերուն։ «Սթորիթելինկը լրագրութեան մէջ» ծրագիրը սփիւռքի՝ ի դէմս ԵԱ Մատրիտի խումբի, միաւորման հիանալի օրինակ մըն է։ Սա կ՚ապացուցանէ, որ անոնք մշտապէս կը փորձեն միջոցներ գտնել իրենց գործունէութեան ասպարէզներուն մէջ, նպաստելու համար երկրի բարելաւման», ըսաւ Վազգէն Եագուպեան։

Հայաստանէ ներս այս փորձնական ծրագրի շուրջ դրական արձագանգ ստեղծուած է տեղւոյն լրագրական շրջանակներէն ներս։ Անոնք համակարծիք են իրենց սփիւռքի գործընկերներուն հետ այն հարցին շուրջ, թէ Հայաստանի եւ Արցախի մասին աշխարհին պատմելու հմտութիւններու կատարելագործումը կարեւոր առաջնահերթութիւն մըն է։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2021