ՄՈՍԿՈՒԱ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ԱՆԳԱՐԱ-ԵՐԵՒԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է նպաստելու Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, ռուս դիւանագէտը երէկ տեղեկացուց, որ Մոսկուա արձանագրած եւ ի գիտութիւն ընդունած է Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ վերջերս փոխանակուած դրական պատգամները։ Մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Մարիա Զախարովա ըսաւ. «Ռուսաստան, ինչպէս գիտէք, միշտ կողմնակից եղած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Ի դէպ, պէտք է յիշեցնել, որ մենք նախապէս ալ անմիջականօրէն մասնակցած ենք համապատասխան միջնորդական ջանքերուն։ Այսպէս, մենք նպաստեցինք 2009 թուականին Ցիւրիխի արձանագրութիւններու ստորագրման։ Անոնք կ՚ենթադրէին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու փուլային բարելաւումը՝ առանց նախապայմաններու առաջադրման։ Ռուսաստան ոչ միայն միջնորդի դեր խաղացած է, այլեւ ձեռնարկած է գործօն, արդիւնաւէտ քայլերու, որոնք դրական արդիւնքներ տուած են։ Յետագային արդէն կողմերը չեն իրականացուցած զանոնք, բայց սա արդէն իւրաքանչիւր պետութեան կամքն էր։ Մենք այժմ պատրաստ ենք ամէն ձեւով նպաստելու երկու հարեւան պետութիւններու մերձեցման՝ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ եւ իրարու շահերը հաշուի առնելով»։

Իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան Մարիա Զախարովա դիտել տուաւ, որ Մոսկուա շահագրգռուած է նաեւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորումով։ Ըստ իրեն, ռուսական կողմը կ՚աջակցի առկայ լիազօրութիւններու հիման վրայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու աշխատանքի աշխուժացման։ Ան շարունակեց.

«Տարածքաշրջանային նոր իրողութիւններու համարժէք դիտարկման պայմաններուն ներքեւ մենք կը կարծենք, թէ եռեակը (համանախագահները) կրնայ նպաստել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ վստահութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ մարդասիրական հարցերու լուծման։ Սա պիտի ծառայէ արդէն քաղաքական խնդիրներու քննարկման անցնելուն։ Ներկայիս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս նոր համանախագահ Իկոր Խովաեւ տարածքաշրջանային ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ։ Ան արդէն բանակցութիւններ վարած է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ, յառաջիկային Երեւանի մէջ նոյնպէս պիտի ունենայ հանդիպումներ»։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2021