ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՍԿՍԱՒ ԳՈՐԾԵԼ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

1 սեպտեմբեր 2021 թուականի դրութեամբ Երեւանի մէջ պաշտօնապէս սկսաւ գործել Վատիկանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը։ Խօսքը կը վերաբերի պապական նուիրակութեան կամ դեսպանութեան գրասենեակին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի պապական նուիրակը՝ Տ. Ժոզէ Արք. Պեթենքուր տեղեկացուց, որ գրասենեակը տեղակայուած է մայրաքաղաքի կեդրոնին՝ Հիւսիսային պողոտայի վրայ։ Այժմ նախապատրաստական աշխատանքներ կը կատարուին՝ հանդիսաւոր բացման արարողութեան կազմակերպման համար։

Պեթենքուր Գերապայծառը պապական նուիրակի պաշտօն կը վարէ Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ։ Մինչեւ 1 սեպտեմբեր 2021 թուականը պապական նուիրակի նստավայրը միայն Թիֆլիզի մէջ կը գտնուէր։ Այժմ պապական նուիրակի գրասենեակ մը գործել սկսած է նաեւ Երեւանի մէջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2021