ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԿԱՐԳԱԶԱՆՑՈՒԹԻՒՆ

Ռիօ տէ Ժանէյրոյի մէջ երկու ֆրանսացիներ բարձրացած են Ամենափրկիչ Յիսուսի արձանի վրայ։ Պրազիլիայի իշխանութիւնները ձերբակալած են երկու ֆրանսացիներ, որոնք առանց թոյլտուութեան բարձրացած են Ամենափրկիչ Յիսուսի արձանի ամենաբարձր կէտը: «O Globo» թերթը կը տեղեկացնէ, որ վերջերս, Ֆրանսայի 28-ամեայ երկու քաղաքացի արձանի ներսը մնացած են ան այցելուներու փակուելէ յետոյ եւ անոր վրայ բարձրացած են վաղ առաւօտեան։ Այդ մարդիկ օգտագործած են աստիճաններ, որոնք կը գտնուին արձանի մէջ եւ կը գործածուին վերանորոգման աշխատանքներու ընթացքին։ Այդ աստիճաններով կարելի է բարձրանալ մինչեւ արձանի ձեռքերն ու գլուխը։ Այդ երկու կարգազանցները նկատած է պահակը, ապա ձերբակալած է զանոնք, սակայն 10 հազար ռէալի՝ որ մօտաւորապէս 1918 ամերիկեան տոլար կ՚արժէ, փոխարէն ազատ արձակուած են անոնք։

Միւս կողմէ, տեղւոյն ոստիկանութիւնը բռնագրաւած է բոլոր այն լուսանկարներն ու տեսագրութիւնները, որոնք արձանագրուած են արձանէն: 1931 թուականին աւարտած է կառուցումը սոյն արձանին, որու բարձրութիւնը, ներառեալ պատուանդանը, 38 մեթր է։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2021