AMAZON-Ի ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐԸ

Ամերիկեան Amazon ընկերութեան ղեկավարութիւնը մտադիր է յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին ամբողջ աշխարհի մէջ 55 հազար նոր աշխատակիցներ ընդունիլ: Այս մասին «Ռէյօթըրզ»ին տեղեկացուցած է ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Էնտի Ճեսի, որու առաջին հարցազրոյցն է սոյն պաշտօնին նշանակուելէ յետոյ։

Ան ընդգծած է, որ ընկերութիւնը նոր հզօրութիւններու կարիք ունի, որպէսզի կարողանայ բաւարարել պահանջարկը  առեւտուրի, ամպային փորձագիտութիւններու ու գովազդի ոլորտներէն ներս: Ճեսի տեղեկացուցած է նաեւ, որ իրենք մտադիր են նոր արբանեակներ ուղարկել ուղեծիր:

Միւս կողմէ, կ՚ենթադրուի, որ աւելի քան 40 հազար աշխատատեղի կը բացուի Միացեալ Նահանգներու մէջ, իսկ մնացեալները կը բացուին Հնդկաստանի, Գերմանիոյ եւ Ճաբոնի մէջ։ Նոր աշխատատեղիները պիտի ըլլան հետազօտութիւններու ու մարդամեքենայի փորձագիտութիւններու բնագաւառներէն ներս։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2021