«ԷՐԵԲՈՒՆԻ-ԵՐԵՒԱՆ 2799»

Հոկտեմբերի 7-ին Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ համաքաղաքային շաբաթօրեակ՝ «Էրեբունի-Երեւան 2799»ին ընդառաջ։

Այս առթիւ, Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ կայացած աշխատանքային խորհրդակցութեան ընթացքին քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան վարչական շրջաններու ղեկավարներուն եւ քաղաքային համապատասխան ծառայութիւններուն յանձնարարած է նախապատրաստական աշխատանքներ տանիլ Երեւանի հիմնադրման օրուայ՝ «Էրեբունի-Երեւան 2799» միջոցառումներուն ընդառաջ՝ Հոկտեմբերի 7-ին համաքաղաքային շաբաթօրեակ կազմակերպելու եւ զայն համակարգուած իրականացնելու ուղղութեամբ, որու շրջանակին մէջ կը մաքրուին եւ պատշաճ տեսքի կը բերուին մայրաքաղաքի բակերը, այգիներն ու պուրակները, ինչպէս նաեւ հանրային նշանակութեամբ կառոյցներն ու ճանապարհներու յարակից տարածքները:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան ըսաւ. ««Էրեբունի-Երեւան 2799» տօնակատարութեան ընդառաջ կազմակերպուող համաքաղաքային շաբաթօրեակին կ՚ակնկալեմ բոլորի մասնակցութիւնը, քանի որ սա բոլորիս տօնն է: Այս աշխատանքներու մէջ քաղաքապետարանի եւ վարչական շրջաններու աշխատակազմերու, քաղաքապետարանի ենթակայ կառոյցներու աշխատակիցներուն կը միանան նաեւ պետական ու մասնաւոր կազմակերպութիւններու աշխատակիցները, կրթօճախներու ու հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Հետաքրքիր բոլոր երեւանցիները նաեւ այս կերպով կրնան արտայայտել իրենց վերաբերմունքը հարազատ քաղաքի հանդէպ»։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2017