ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ ժամանակը եկած է՝ որպէսզի ԵՓԿ-ականները ամբողջութեամբ դուրս բերուին Մենպիչէն եւ այնտեղ վերադառնայ տեղացի ժողովուրդը։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարը Զուիցերիոյ մէջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն յայտարարութիւններ ըրաւ դիւանագիտական օրակարգի հարցերուն շուրջ։ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու Մենպիչի համատեղ հերթապահութեան անդրադառնալով՝ նախարար Չավուշօղլու յայտնեց, որ ժամանակացոյցին մէջ կայ որոշ յապաղում մը, սակայն ցայսօր Մենպիչի շրջանէն ներս կատարուած ռազմափորձերը եւ զօրքերու կողմէ տարուած աշխատանքը կարեւոր էր։ ԱՄՆ-ի հետ այս նիւթին շուրջ ապահովուած համաձայնութիւնը պէտք է գործադրուի լիարժէք։ «Ճիշդ է, որ անոնցմէ կախեալ յապաղում մը եղաւ, սակայն չենք կրնար ըսել, որ ամէն ինչ բոլորովին վատ կ՚ընթանայ», ըսաւ Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ ԵՓԿ-ականներու հեռացումէն եւ տեղացի ժողովուրդի վերադարձէն վերջ Մենպիչի ղեկավարութիւնն ալ պէտք է թողուի անոնց։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018