ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի մահուան արձագանգները կը շարունակուին ամբողջ աշխարհի մէջ։ Միջազգային օրակարգի առաջնահերթ նիւթերէն մին դարձած է այս մէկը։ Արդէն վրայ հասած է Շարլ Ազնաւուրին հրաժեշտ տալու տխուր հանգրուանը։

Ֆրանսական դատախազութեան աղբիւրները երէկ պաշտօնապէս հրապարակեցին Շարլ Ազնաւուրի մահուան պատճառները։ Ըստ դիազննութեան արդիւնքին՝ ան զոհ գացած է թոքի բորբոքումի պատճառով։ Ֆրանսական մամուլը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի հարաւի Մուրիէս քաղաքի առանձնատան մէջ Շարլ Ազնաւուր մահացած էր թոքի այտուցէ։ Սրտի եւ շնչառական անբաւարարութիւն ունեցած է ան եւ Ազնաւուրի մարմինը յայտնաբերուած է իր տան մէջ՝ սենեակի լոգարանէն ներս։ Դատաբժշկական քննութիւնը կատարուած է Նիմի բժշկական կեդրոնին մէջ։

Մահուան պատճառի պաշտօնապէս հրապարակման զուգահեռ երէկ սկսան նաեւ Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան պատրաստութիւնները։ Մեծանուն երգիչի ընտանիքը, Էլիզէի պալատը եւ Հայաստանի իշխանութիւնները շփման մէջ անցան՝ քննարկելու համար մանրամասնութիւնները։ Երէկ երեկոյեան, Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր տաճարէն ներս աղօթք հնչեց Շարլ Ազնաւուրի հոգւոյն ի հանգիստ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ կը տիրէր յուզումնախառն մթնոլորտ։ Ներկաները այս առթիւ իրենց խոնարհումը բերին Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին առջեւ։ Մինչ այդ, «Ազնաւուր» հիմնադրամի աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս ուրբաթ Փարիզի «Էնվալիտ»ներու պալատին մէջ հրաժեշտի արարողութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Շարլ Ազնաւուրի համար։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ պիտի գտնուին այդ արարողութեան։ Շարլ Ազնաւուրի հրաժեշտի օրը Հայաստանի մէջ ալ պիտի հռչակուի սուգի օր։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, յուղարկաւորութեան վերաբերեալ կարգ մը մանրամասնութիւններ այս պահուն յստակացած չեն։ Այսպէս, յայտնի չէ, թէ Ազնաւուր ո՛ր եկեղեցիէն պիտի յուղարկաւորուի եւ ո՛ւր պիտի ամփոփուի իր մարմինը։ Շատ հաւանական է, որ Շարլ Ազնաւուր թաղուի Փարիզէն ոչ-հեռու Լէ զ՚Իվլին նահանգի Մոնֆոր-լ՚Ամորի համայնքին մէջ։ Արդարեւ, աշխարհահռչակ երգիչը այնտեղ ունեցած է բնակարան մը, ուր ան յաճախ ժամանակ կ՚անցընէր իր ընտանիքին հետ։ «Իմ հողը՝ ֆրանսական հողն է։ Իմ Մոնֆոր-լ՚Ամորի համայնքի 12-րդ դարու վանքին մէջ կառուցուած է յատուկ, ոչ-շատ մեծ ընտանեկան դամբարան մը», ըսած էր առիթով մը Շարլ Ազնաւուր։

Միւս կողմէ, երաժշտական աշխարհի հսկաները կը շարունակեն արձագանգել Շարլ Ազնաւուրի կորուստին։ Փլասիտօ Տոմինկօ այս առթիւ ըսաւ. «Քո հիասքանչ արուեստը երբեք չի՛ կորսուիր ու չի՛ մոռացուիր»։

Լայզա Մինելլին ալ ըսաւ. «Շարլը իմ ուսուցիչն էր եւ ընկերը»։ Պարպարա Սթրէյզընտն ալ ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակեց Շարլ Ազնաւուրի հետ լուսանկարը՝ ցաւակցական գրառումով։  

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018