ՆՈՐ ՓԱԿՈՒՂԻԻ ՄԸ ՍԵՄԻ՞Ն

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ ներկայիս դարձեալ արտասովոր կացութիւն մը ստեղծուած է։ Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպման հարցը կը բնորոշէ երկրի օրակարգը։ Այս կապակցութեամբ երէկ երեկոյեան դրութեամբ բոլորովին նոր, քիչ մըն ալ լարուած մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ երկրին մէջ։

Իրականութեան մէջ յեղափոխութենէն ի վեր արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու հարցը կը գտնուէր օրակարգի վրայ։ Ժամկէտի պարագան անստոյգ էր։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քանիցս յայտարարած էր, որ շուրջ տարուան մը ընթացքին խորհրդարանական ընտրութիւններ պէտք է կազմակերպուէին։ Յամենայնդէպս, Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններէն վերջ իշխանութիւններու տրամադրութիւնները որոշ չափով փոխուեցան։ Երբ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած քաղաքական ուժը մեծ յաղթանակ մը տարաւ ընտրութիւններու արդիւնքով, խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները շատ աւելի արագօրէն իրականացնելու պահանջը յառաջ քշուեցաւ երկրի ղեկավարութեան կողմէ։ Փաշինեան այդ հանգամանքը պատճառաբանեց նաեւ զանազան տնտեսական գործօններով, ըստ որոնց գործարար աշխարհը անցումային իրավիճակի մէջ սպասողական դիրք մը գրաւած էր եւ երկրի տնտեսութեան նոր թափ մը տալու համար անհրաժեշտ էր քաղաքական յստակութիւն ապահովել։

Այս հիման վրայ, վերջին օրերուն Փաշինեան սկսաւ խորհրդակցիլ խորհրդարանէ ներս ներկայացուած քաղաքական ուժերուն հետ։ Առաջին հանդիպումը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանի հետ։ Հանրային կարծիքին տեսակէտէ անակնկալ մը չեղաւ, որ կողմերու պատկերացումները այս փուլին եւս չհամընկնեցան, ինչ որ քաղաքական երկխօսութիւններու փուլը աւարտին բերաւ առանց որ սկսէր։ 

Այս իրավիճակին մէջ Հայաստանի խորհրդարանէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ ուշագրաւ իրադարձութիւն մը։ ՀՀԿ-ի ջանքերով խորհրդարանը ընդունեց օրէնք մը, որով փոփոխութեան կ՚ենթարկուէր Ազգային ժողովի կանոնակարգը։ Այդ փոփոխութիւնով աւելի պիտի դժուարանար խորհրդարանէն արտահերթ ընտրութեան ձեռնարկելու վերաբերեալ որոշումի մը ապահովումը։ Հայաստանի խորհրդարանէն ներս ներկայիս ՀՀԿ մեծամասնութիւն չի կազմեր, սակայն խորհրդարանի ամենամեծ խմբակցութիւնը կը հանդիսանայ։ Ուստի, ՀՀԿ-ի կողմէ ներկայացուած բանաձեւը ընդունուեցաւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) երեսփոխաններու քուէներով։ Սա լուրջ երեւոյթ մըն էր, որովհետեւ այդ երկու կուսակցութիւնները կառավարութեան մէջ ունին նախարարներ։ Հարկ է յիշեցնել, որ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն Դաշնակցութիւնը գրեթէ միայն մէկ տոկոս քուէ ապահոված էր, իսկ ԲՀԿ-ի արդիւնքն ալ այդքան փայլուն չէր՝ հակառակ որ երկրորդ տեղը զբաղեցուցած էր։

Այս պայմաններուն ներքեւ անխուսափելիօրէն ստեղծուեցաւ քաղաքական նոր լարուածութիւն մը։ Հայաստան նոր փակուղիի մը սեմի՞ն կը յայտնուէր։ Խորհրդարանի իրադարձութիւններուն վրայ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ անմիջապէս հանդէս եկաւ կոչով մը եւ դարձեալ հանրահաւաք մը կազմակերպեց Երեւանի կեդրոնին մէջ։ Խորհրդարանի շէնքին դիմացը տեղի ունեցաւ հանրահաւաքը, որու ընթացքին վարչապետը կատարուած օրէնսդրական կարգադրութիւնը որակեց հակայեղափոխութիւն։ Ան կոչ ուղղեց Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին, որպէսզի չվաւերացնէ ընդունուած օրէնքը։

Ըստ Հայաստանի Սահմանադրութեան, եթէ վարչապետը հրաժարի եւ խորհրդարանը 16 օրուան ընթացքին չկարողանայ նոր վարչապետ մը ընտրել, ապա ինքնաբերաբար տեղի կ՚ունենան արտահերթ ընտրութիւններ։ Փաշինեանի ներկայ մտահոգութիւնը այն է, որ իր հրաժարականի պարագային խորհրդարանը կրնայ այլ դէմք մը վարչապետ ընտրել՝ թէկուզ առանց ժողովրդական յենարանի։ Ուստի, այս վարկածը կանխելու համար հանրահաւաքէն վերջ ան մուտք գործեց խորհրդարան՝ քննարկումներ ծաւալելու համար Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի եւ միւս ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այդ փուլին արդէն ցուցարարներ ալ մուտք գործեցին Ազգային ժողովի պարտէզը։ Որոշ չափով լարուածութիւն յառաջացաւ, գիշերուան մինչեւ ուշ ժամերը ցուցարարները վանկարկեցին ՀՀԿ-ի դէմ։ Ուշ գիշերին Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանի պարտէզին մէջ դարձեալ ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին յարաբերաբար աւելի լաւատես արտայայտուեցաւ։

Երէկուան հանրահաւաքի ընթացքին Փաշինեան ժողովուրդին առջեւ ստորագրեց հրամանագրեր, որոնց հիման վրայ Դաշնակցական եւ ՀՀԿ-ական նախարարներու եւ մարզպետներու պաշտօնները վերջ գտան։ Նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ վաւերացուց այդ հրամանագրերը։ Այս առաւօտ նախագահի գրասենեակը հրապարակեց յայտարարութիւն մը։ Այսպէս, Արմէն Սարգսեան համոզուած է, թէ ստեղծուած իրավիճակը պէտք է հանգուցալուծել Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու շրջանակին մէջ։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018