ԲԱԶՄԱԱՌԱՆՑՔ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Արցախի ռազմաճակատին վրայ սաստիկ բախումները կը շարունակուին։ Ըստ վերջին լուրերուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններուն վրայ կ՚ընթանան յամառ ու թէժ մարտեր։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեան նշեց, որ Ատրպէյճան մեծ ուժեր կեդրոնացուցած է այդ թեւերուն վրայ եւ անցած յարձակման։ Հայկական զօրքերու ստորաբաժանումները կը կասեցնեն Ատրպէյճանի զօրքերու յառաջխաղացումը։

Այս ծանր իրավիճակին մէջ դիւանագիտական հարթութեան վրայ բազմաառանցք շփումներ յառաջ կը տարուին՝ լուծում մը գտնելու համար։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Սա վերջին վեց օրերու ընթացքին Փաշինեան-Փութին երրորդ հեռախօսազրոյցն էր։ Անոնք անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ մտահոգութիւն յայտնեցին ռազմական գործողութիւններուն Մերձաւոր Արեւելքէն օտարերկրեայ գրոհայիններու մասնակցութեան բերումով։  Փաշինեան ուշադրութիւն հրաւիրեց ռազմական գործողութիւններուն Թուրքիոյ միջամտութեան հանգամանքին վրայ՝ խիստ ապակայունացնող համարելով վարքագիծը։ Ռուսական կողմը կարեւորեց շուտափոյթ հրադադարի հաստատուիլը եւ հաշտութեան գործընթացի վերսկսումը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ պետութիւններու ղեկավարներու վերջին համատեղ յայտարարութիւններուն համապատասխան։ Փաշինեան եւ Փութին համաձայն գտնուեցան՝ մնալ կապի մէջ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան-Մաքրոն զրոյցի ընթացքին եւս անթոյլատրելի համարուեցաւ օտարերկրեայ ահաբեկիչ զինեալներու ներգրաւումը ռազմական գործողութիւններուն։ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի սկզբունքային ու շինիչ դիրքորոշման համար։ Մաքրոն կարեւորեց շուտափոյթ ձեւով ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը եւ հաշտութեան գործընթացի վերսկսումը։ Փաշինեան նոյնպէս քննադատեց Թուրքիոյ որդեգրած ընթացքը՝ կարեւորելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու եւ անոնց երկիրներուն հետ սերտ համագործակցութիւնը։

«Ռէօյթըրզ» գործակալութեան հաղորդումներով, Մաքրոն երէկ հեռաձայնով խօսեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ֆրանսացի ղեկավարը այս փուլին կ՚առաջարկէ Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս բանակցութիւններ վերսկսելու նոր մեթոտ մը։ Մաքրոն կրկնեց իր հրադադարի կոչը եւ ընդգծեց, որ անմիջապէս աշխատանքի կ՚անցնի, որովհետեւ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ կ՚աշխուժացնէ իր միջնորդական ջանքերը։

Այս իրավիճակին մէջ, Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց մըն ալ տուաւ Գանատայի The Globe and Mail լրատուամիջոցին եւ յայտարարեց, որ Հայաստան կը գտնուի քաղաքակրթութիւններու առաջնագծին վրայ։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ։ Բաց աստի, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան Արցախի հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած իրադրութիւնը հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին քննարկեց Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարար Լուիճի Տիմարիայի հետ։ Այս վերջինը, հարկ է նշել, որ երէկ մէկտեղուեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։

Միջնորդ կամ շահագրգիռ պետութիւններու շփումներն ալ խտացած են այս շրջանին։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ երէկ մտահոգութիւն յայտնեցին Արցախի մէջ շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն Սուրիայէն եւ Լիբանանէն զինեալներու ներգրաւման շուրջ։ Նախարարները կարեւորեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հարեւաններուն դերը՝ կողմերը բանակցութեան վերադարձնելու համար։

Ժընեւի մէջ ալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ քննարկում մը ծաւալեցին Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ եւ ԱՄՆ-ի նախագահի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ռապըրթ Օպրայէն։

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ՝ նոյնպէս անդրադառնալով ղարաբաղեան հարցին։ Հարկ է նշել, որ Սպիտակ Ռուսիա ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անդամ է։  

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2020