ԿԱՐՄԻՐ ԽԱՉԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ

Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէն ահազանգ հնչեցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով կը տուժէ խաղաղ բնակչութիւնը։ Հարիւրաւոր տուներ փլած են, նաեւ դպրոցներ ու հիւանդանոցներ։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Կարմիր խաչի առաքելութեան ղեկավար Պերթրան Լամոն յայտնեց, որ տեղաշարժուելու իրենց հնարաւորութիւնները սահմանափակ են՝ խտացեալ մարտերու հետեւանքով։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներն ալ երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը եւ խստօրէն դատապարտեցին հակամարտութեան գօտիէն ներս բռնութիւններու շարունակումը։ Անոնք անհանգստութիւն յայտնեցին այն լուրերուն շուրջ, ըստ որոնց խաղաղ բնակչութեան շրջանակին մէջ զոհերու թիւը կ՚աւելնայ։ Եռանախագահները անթոյլատրելի համարեցին քաղաքացիական անձերու վրայ յարձակումները։

Ըստ տարածքաշրջանէն հասած լուրերուն, Ատրպէյճան ճակատի վրայ թողած է իր բանակի զոհերու դիակները։ Մինսքեան խմբակի համանախագահները այս իրավիճակին մէջ կոչ ուղղեցին՝ անյապաղ մարդասիրական հրադադար հռչակելու համար, որպէսզի հակամարտութեան գօտիէն զոհերու դիակները հեռացուին։

Միւս կողմէ, հայկական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ատրպէյճանի զօրքերը վերջին օրերուն քանիցս թիրախաւորած են նաեւ մետիայի աշխատողները՝ մասնագիտական գործունէութեան ժամանակ։ Այս խնդրի ամենազգայացունց դրսեւորումը եղաւ Մարտունիի մէջ ֆրանսական յայտնի «Լը Մոնտ» օրաթերթի երկու թղթակիցներուն ծանրօրէն վիրաւորումը։ Անոնք Ստեփանակերտի մէջ ենթարկուեցան վիրահատութեան եւ յատուկ ուղղաթիռով փոխադրուեցան Երեւան։ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնն ալ ուշադրութիւն ցուցաբերեց դէպքին նկատմամբ։ Երեւանի «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնէն ներս ֆրանսացի լրագրողներու դարմանումը շարունակուեցաւ, մինչ անոնց այցելութեան փութաց նաեւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ։ Այս բոլորէն վերջ Ֆրանսայէն ուղարկուած յատուկ օդանաւով մը «Լը Մոնտ»ի թղթակիցները երէկ փոխադրուեցան իրենց երկիրը։ Անոնք նոյնպէս ուղղաթիռով հիւանդանոցէն տեղափոխուեցան Երեւանի Զուարթնոց օդակայանը։

«Թղթակիցներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնն (RSF) ալ կոչ ուղղեց Արցախի մէջ լրագրողներու վիրաւորման դէպքերու հետաքննութեան համար։ RSF-ի ակնկալութիւնն է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները լոյս սփռեն Արցախի մէջ տեղի ունեցած գնդակոծութեան վրայ, որու հետեւանքով վիրաւորուած է մարտական գործողութիւնները լուսաբանող չորս լրագրող։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2020