ՄԵՐՔԷԼ ՄԻԱՑԱՒ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ԿՈՉԵՐՈՒՆ

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ Արցախի հակամարտութեան գօտիէն ներս անհրաժեշտ է հրադադար։ «Մենք հանդէս կու գանք հնարաւորինս արագ կրակը դադրեցնելու ի նպաստ։ Այս դժուարին խնդրի կարգաւորումը գտնելու միակ ճանապարհը երկխօսութիւնն է», երէկ յայտնեց Մերքէլ Պրիւքսելի մէջ, Եւրոմիութեան գագաթէն վերջ։

Գերմանացի շանսէօլիէն նշեց, որ ԵՄ կողմնակից է հրադադարի։ Հարցը չի կրնար լուծուիլ ռազմական ճամբով։ «Սա այս բարդ հակամարտութեան խաղաղ լուծումը քննարկելու համար միակ հնարաւորութիւնն է», ըսաւ ան հրադադարի մասին։

Մերքէլի հրադադարի կոչը յաջորդեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներու համատեղ յայտարարութեան՝ նոյն բովանդակութեամբ։ Այդ հրադադարի կոչի հրապարակումէն վերջ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսն ալ կրկնեց ռազմական գործողութիւններու դադրեցման կոչը։ Կութերեսի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք «Ամերիկայի Ձայն»ին յայտնեց, որ ընդհանուր քարտուղարը խորապէս կը ցաւի՝ միջազգային հանրութեան կողմէ հնչեցուած հրադադարի կոչերու անարձագանգ մնալուն եւ բախումներու շարունակուելուն բերումով։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2020