ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ

Անգարայի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատի իրադարձութիւններուն եւ ընդհանրապէս հակամարտութեան ընթացքին։ Երէկ, պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր ըրին հերթական յայտարարութիւններ վերահաստատելով Թուրքիոյ դիրքորոշումը ի նպաստ Ատրպէյճանին։ Այսպէս, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար կրկնեցին Անգարայի վճռակամութիւնը։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ նախօրէին հրապարակուած յայտարարութիւնը եւ անյապաղ հրադադարի կոչը Թուրքիոյ կողմէ որակուեցաւ անհամոզիչ եւ ոչ-անկեղծ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Հուլուսի Աքար յայտնեց, թէ «այլեւս կը բաւէ» ըսելով Ատրպէյճան շարժման անցած է ազատագրելու համար իր բռնագրաւեալ տարածքները։ «Համոզիչ եւ անկեղծ չեն հրադադարի կոչերը անոնց, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ Ատրպէյճանի արդար դատին տարիներէ ի վեր լուծում մը չեն կրցած գտնել եւ հիմա հրադադարի կոչ կ՚ուղղեն՝ երբ Ատրպէյճան սկսած է պաշտպանել իր իրաւունքը», ըսաւ Հուլուսի Աքար եւ աւելցուց, որ միջազգային իրաւունքի շրջանակին մէջ առնուած բոլոր որոշումներով հանդերձ, Ատրպէյճանի բոլոր դիւանագիտական ու խաղաղ ջանքերով հանդերձ խնդիրը տակաւին չէ լուծուած։ Հայաստան ոտնահարած է միջազգային իրաւունքը։

Իր կարգին, Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ քննադատեց Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն յայտարարութիւնը։ «Անոնք փաստացի որեւէ ջանք չեն գործադրած հակամարտութեան կարգաւորման համար», ըսաւ Չավուշօղլու։

Հարկ է նշել, որ Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հաւաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի եւ Լեթոնիայի Արտաքին գործոց նախարար Էտկար Ռինքեւիչի հետ։ Այս զրոյցներու բովանդակութեան մասին մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան։

Արցախի թէժ կռիւներու իրավիճակին մէջ Երեւան երէկ պաշտօնապէս հաղորդեց, որ միշտ պատրաստ է հրադադարի մասին բանակցելու։ Այդ սկզբունքային հաւանութիւնը թրքական լրատուամիջոցներուն կողմէ այնպէս կը մեկնաբանուի, թէ հայկական կողմը նեղ կացութեան մատնուած է ճակատի վրայ եւ հրադադար կը պահանջէ։ Չավուշօղլուն ալ յայտնեց, որ Հայաստան նախ պէտք է ետ քաշէ իր զօրքերը։

Միւս կողմէ, Պաքուն ալ երէկ պաշտօնապէս մերժեց Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներու անյապաղ հրադադարի կոչը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2020