ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ֆիք­րի Ը­շըք եւ Ցա­մա­քա­յին զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տար զօ­րա­վար Սա­լիհ Զե­քի Չո­լաք ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցան Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նին վրայ։ Ա­նոնք այ­ցե­լե­ցին Ռէյ­հան­լըի պա­հա­կա­կէ­տե­րը եւ ա­ւե­լի վերջ փու­թա­ցին Հա­թա­յի կու­սա­կա­լու­թիւն։ Ծա­նօթ է, որ օր մը ա­ռաջ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը կու­տա­կում­նե­րու ձեռ­նար­կած էին սահ­մա­նին վրայ՝ հրա­սայ­լե­րով եւ զրա­հա­պատ ինք­նա­շար­ժնե­րով։ Այդ կու­տա­կում­նե­րը կա­տա­րուած էին՝ հա­շուի առ­նե­լով Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։

Միւս կող­մէ, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ հա­կազ­դեց Ի­րա­քի Վար­չա­պետ Հայ­տար Էլ Ի­պա­տիի կող­մէ վեր­ջին օ­րե­րուն Թուր­քիոյ դէմ կա­տա­րուած խիստ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն։ Նա­խա­րա­րը յայտ­նեց, թէ Ի­րա­քի վար­չա­պե­տը տկար դիրք մը ու­նե­նա­լով հան­դերձ կը խօ­սի բարձր թո­նով։ 

 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2016