ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով կը պատրաստուի Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունենալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, այդ տեսակցութիւնը նախատեսուած է 16 Նոյեմբերին։

Ժընեւի մէջ մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած էր Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը։ Գագաթաժողովէն վերջ յայտարարուած էր, որ միջնորդները աշխատանքը շարունակելու համար պիտի մէկտեղուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։ Միջոց մը առաջ Մամետեարովն ալ յայտարարած էր, որ նախարարներու հանդիպման հարցը պիտի յստակենայ համանախագահներու հետ հանդիպումէն վերջ։

Հարկ է նշել, որ Նոյեմբերի կէսին Մոսկուա պիտի այցելէ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա վերջերս յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Ան յայտնեց, որ Մոսկուա կ՚ողջունէ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացը շարունակելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատրաստակամութիւնը։ Բանբերին խօսքերով՝ ռուսական կողմին տեսակէտէ ողջունելի են նաեւ՝ շփման գծին վրայ լարուածութեան թուլացման համար նախատեսուած յաւելեալ քայլերը։ «Կը պաշտպանենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերը, որոնց հիման վրայ այժմ կը քննարկուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հերթական հանդիպման կազմակեպման հարցը», ըսաւ Զախարովա։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ ռուս բանբերը ափսոսանք յայտնեց, որ հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակը կը մնայ բարդ։ «Պաքուին եւ Երեւանին կոչ կ՚ուղղենք՝ որպէսզի շինիչ մօտեցում ցուցաբերեն անլուծելի խնդիրներու հանգուցալուծման համար ճանապարհներ որոնելու հարցին մէջ», եզրափակեց Մարիա Զախարովա։

Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեանն ալ յայտնեց, որ Ատրպէյճան միշտ կը գործէ հանդիպումներու ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն հակառակ։ «Յայտարարուած էր, որ լարուածութիւնը պէտք է նուազի, սակայն կը կատարուի ճիշդ հակառակը եւ սա արդէն դարձած է օրինաչափութիւն», ըսաւ փոխ-նախարարը, որու խօսքերով այս տեսանկիւնէն չկայ որեւէ նորութիւն։ Քոչարեան աւելցուց, որ Ատրպէյճան կը խանգարէ բանակցութիւնները, իսկ համանախագահները շատ յստակ խօսած են իրենց բազմաթիւ յայտարարութիւններուն մէջ՝ բանակցութիւններու հեռանկարներուն վերաբերեալ։ «Յառաջընթացի համար անհրաժեշտ է համապատասխան հիմք, իսկ այդ հիմքը կողմերու միջեւ վստահութիւնն է։ Վստահութիւն ձեռք բերելու համար անհրաժեշտ է, որ Ատրէյճան կատարէ միջազգային պարտաւորութիւնները», ըսաւ Շաւարշ Քոչարեան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017