ՊԱՂԱՐԻՒՆ ԵՒ ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմի Նիսի ծուխէն վերջերս հասան կարգ մը դրական լուրեր, որոնք լայն արձագանգ ստեղծեցին ազգային-եկեղեցական շրջանակներէն ներս։ Այժմ արդէն նախկին ծխական վարչայինները, որոնք եկեղեցական տեսակէտէ ապօրինի ձեւով քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ղեկը կը պահեն, իրենց համախոհներուն հետ վերջերս ժողով մը գումարելով միաձայնութեամբ որոշած են վերադառնալ Ֆրանսայի Թեմի կազմին մէջ։ Մինչ իրադարձութիւններու շարունակութեան կը սպասուի հետաքրքրութեամբ, Նիսի ծուխի պարագային միշտ առկայ են նուրբ հարցականներ։ Թէ՛ թեմի Փարիզի կեդրոնը եւ թէ Նիսի օրինական ծուխի ղեկավարութիւնը պաղարիւն եւ համբերատար սպասումի մը մէջ են ներկայիս։

Վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Նիսի Ծխական խորհուրդի ատենապետ Արթօ Օքսայեանի հետ, որ նախկին պոլսահայ մըն է։ Ան մեզի յայտնեց, որ թեմի ծոցը վերադառնալու որոշումը իրենց տեսակէտէ շատ ողջունելի է։ Արդարեւ, այսքան տարիէ ի վեր իրենք պայքար կը մղէին միասնութեան, եղբայրութեան վերահաստատման համար։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Փաթրիս Ճոլոլեան եւ իր ընկերները եւ Նիսի Ծխական խորհուրդի ատենապետ Արթօ Օքսայեան եւ իր ընկերները տրամադրուած են շատ դրական ու կը ձգտին, որ ամուր լուծում մը գտնուի երկարատեւ այս տագնապին։

Յամենայնդէպս, հասկնալի է, որ միայն բարի ցանկութիւնները, բարի կամեցողութիւնները բաւարար չեն։ Արթօ Օքսայեան մեզի յայտնեց, որ կան կարգ մը հիմնական խնդիրներ, որոնց անտեսուիլը անկարելի է։ Արդարեւ, Նիսի ներկայիս առգրաւուած Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ղեկավարման դրութիւնը ինքնաբերաբար աղերս ունի նաեւ յարակից Պարսամեան վարժարանի կառավարման հետ։ «Ուստի, մէկ ու նոյն ընկերակցութեան հովանոցին ներքեւ համախմբուելու համար անհրաժեշտ է իւրացնել թեմի գործող կանոնադրութիւնը։ Մեր թեմը ունի կանոնադրութիւն մը։ Անոնք, որոնք կ՚ուզեն մաս կազմել թեմին, ապա պէտք է անվերապահօրէն ընդունին անոր կանոնադրութիւնը։ Մեր բարեկամները որքան որ ալ հարազատ եւ սիրելի ըլլան, չեն կրնար թեմի ծոցը վերադառնալ՝ գոյատեւելով որպէս առանձին ընկերակցութիւն մը։ Մենք պէտք է վերածուինք մէկ ընկերակցութեան մը՝ թեմական կանոնադրութեան հիման վրայ։ Կանոնադրութեան իւրացումը պիտի ապահովէ, որ մենք իսկապէս ըլլանք մէ՛կ ծուխ եւ մէ՛կ ընկերակցութիւն։ Մէկ ընկերակցութեան վերածուելու համար ծուխի նախկին վարչայիններուն կողմէ որոշում մը պէտք է ընդունուի։ Այդ որոշումը կրնան անմիջապէս առնել։ Ի լրումն այս բոլորին, այլեւս վերջ պէտք է գտնեն կարգալոյծ նախկին եկեղեցականներով կազմակերպուած իբրեւ թէ ծիսակատարութիւնները, որոնք կը համարուին սրբապղծութիւն», ըսաւ Օքսայեան։

Նիսի ծուխի երկարատեւ տարակարծութիւններու, պայքարներու մթնոլորտին մէջ բացուած են նաեւ բազմաթիւ դատեր՝ ֆրանսական դատական իշխանութիւններուն մօտ։ Այդ դատավարութիւններուն ընթացքը կրնայ պայմանաւորել ներկայ իրադարձութիւններու շարունակութիւնը։ Ըստ Արթօ Օքսայեանի, դատական վճիռները ընդհանրապէս իրենց տեսակէտէ նպաստաւոր են։ Յառաջիկայ 4 Դեկտեմբերին յետաձգուած դատավարութիւն մը կայ։ Այդ մէկը վերջնական դատ մը պիտի ըլլայ։ Դատավճռի հիման վրայ նախկին ծխական վարչայինները կրնան պարտաւորուիլ մեծ հատուցում մը վճարելու։ Այդպիսի գումարներ չկան իրենց մօտ, որովհետեւ տկարացած են լրջօրէն։ «Մօտաւոր անցեալին եկեղեցապատկան շէնք մը վաճառած էին 400.000 եւրոյի փոխարէն։ Հիմա եթէ հատուցում վճարելու պարտաւորուին, ապա յայտնի չէ, թէ ինչ միջոցներ պիտի ճարեն։ Աւելի լաւ, մաղթելի է, որ հարցը չհասնի մինչեւ այնտեղ եւ ընթացքին մենք շօշափելի, իրատես ձեւով լուծենք մեր հարցերը եւ այս ամօթալի կացութենէն այլեւս փրկուինք», ըսաւ Օքսայեան։

Ան աւելցուց, որ ԱՄՆ-էն Նիս հրաւիրուած կարգալոյծ հոգեւորականի մը «կանաչ քարտ»ի խարդախութեան մը մասնակից դառնալուն համար վերջին շրջանին բաւական հեղինակազրկած է ծուխի հին վարիչները։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017