ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Հնդկաստան։ Ան երէկ մեկնեցաւ Նոր Տելհի՝ Հնդկաստանի Վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հրաւէրով։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այցելութեան շրջանակներէն ներս Սերժ Սարգսեան կը հիւրընկալուի Հնդկաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։ Բացի Վարչապետ Մոտիէն, ան կը տեսակցի նաեւ Հնդկաստանի Նախագահ Ռամ Նաթ Քովինտի եւ փոխ-նախագահ Վենքայա Նայտուի հետ։ Այս հանդիպումներուն առընթեր Սերժ Սարգսեան կը մասնակցի «Համաշխարհային պարէն. Հնդկաստան-2017» համաժողովի լիագումար նիստին։ Այս համագումարի շրջանակներէն ներս Սարգսեան կը մասնակցի նաեւ նոյն խորագրով նախատեսուած միջազգային սննդարդիւնաբերութեան ցուցահանդէս-տօնավաճառի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։

Այցելութեան օրերուն Սերժ Սարգսեան հանդիպում կ՚ունենայ նաեւ Հնդկաստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017