ՍՊԵՆԴԻԱՐԵԱՆԻ ՇԻՐՄԻՆ ՄՕՏ ԽՈՆԱՐՀՈՒՄ

Յօրինող, երաժշտական-հասարակական գործիչ, երաժշտութեան ուսուցիչ, խմբավար Ալեքսանդր Սպենդիարեանի ծննդեան օրը՝ Նոյեմբերի 1-ին, անոր գործունէութիւնը գնահատողներն ու ստեղծագործական ժառանգութեան երկրպագուները այցելեցին Սպենդիարեանի շիրիմը՝ յարգանքի տուրք մատուցելով յօրինողի յիշատակին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Կարէն Սարգսեան նշեց, որ ան ժամանակի ամենակրթուած մտաւորականներէն էր, որ Թումանեանի, Սարեանի եւ այլ մեծերու հետ նշանակալի դեր խաղաց հայ մշակոյթի զարգացման գործին մէջ։ «Ալեքսանդր Սպենդիարեան ունի հիանալի գործեր, որոնք յաճախ չեն հնչեր։ Ի հարկէ, անոր ստեղծագործութիւններու գագաթը «Ալմաստ» օփերան է, սակայն անկրկնելի են Սպենդիարեանի «Երեւանեան էթիւտներ»ը, «Խրիմի էսքիզներ»ը, վոքալ-գործիքային ստեղծագործութիւնները, ռոմանսները», ըսաւ ան։

Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի դասախօս Մարգարիտ Սարգսեանի խօսքով՝ Սպենդիարեանը մեր մշակոյթի հիմնաքարերէն մին է։ «Գնահատելի է, որ տարբեր մշակութային օղակները, յատկապէս յօրինողի տուն-թանգարանը կ՚ընեն ամէն հնարաւորը անոր թանկարժէք ժառանգութեան հանրահռչակման համար։ Ուրախ եմ, որ 2006 թուականին ինծի վիճակեցաւ համախմբել օփերային թատրոնի լաւագոյն մեներգիչները եւ ձայնագրել սկաւառակ, որու մէջ ընդգրկուած են Սպենդիարեանի տասնէ աւելի ռոմանսները», ընդգծեց Սարգսեան։

Հայաստանի Յօրինողներու միութեան նախագահ Արամ Սաթեան ըսաւ, որ բոլորս գիտենք՝ Սպենդիարեան բարձրակարգ յօրինող էր, բայց  իրեն համար շատ կարեւոր է նաեւ Սպենդիարեանի մարդկային կերպարը։ «Ան իր գործի նուիրեալն էր, որ, չմտածելով իր անձի մասին, աշխատած է, կատարելագործուած եւ հսկայական ժառանգութիւն թողած է հայ երաժշտարուեստին», շեշտեց Արամ Սաթեան։

Աւանդոյթի համաձայն, տեղի ունեցաւ պատանի սպենդիարեանականներու՝ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան երաժշտական դպրոցի առաջին դասարանի աշակերտներու, երդման արարողութիւնը։

Հանդիսաւոր միջոցառումէն յետոյ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանի դահլիճին մէջ ներկայացուեցան տարբեր տարիքի այցելուներու համար նախատեսուած երկու՝ «Բացայայտէ Սպենդիարեանը» եւ «Ես բեմանկարիչ» խաղերը, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին ներկաներու շրջանակէն ներս։ Խաղերը նախագծած եւ իրականացուցած է Սլեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը՝ համագործակելով «Ինթերաքթիւ ուորտ» ընկերութեան հետ։

Ալեքսանդր Աֆանասի Սպենդիարեան (Սպենդիարով) ծնած է 1871 թուականի Հոկտեմբերի 10-ին ռուսական Կախովկա քաղաքին մէջ։ Երաժշտական տաղանդը ժառանգած է մօրմէն, որ դաշնամուրի ուսուցչուհի էր։ Ստեղծագործել սկսած է եօթ տարեկանին, իսկ ինն տարեկանին սորված է դաշնամուր եւ ջութակ նուագել։ 1890-ին պատանի Ալեքսանդր կը տեղափոխուի Մոսկուա։

Ուսանած է Մոսկուայի համալսարանի իրաւաբանական ֆաքիւլթէին մէջ։ Ուսման զուգահեռ նուագած է զանազան խումբերու եւ համալսարանի ուսանողական նուագախումբին հետ։

Դեռ մանկութեան տարիներէն անոր ծանօթ էր Խրիմի ազգային երաժշտական ոճը։ Երկար տարիներ բնակած է Խրիմի մէջ եւ ծաւալած է երաժշտական աշխոյժ գործունէութիւն։ Ղեկավարած է բազմաթիւ երաժշտական նուագախումբեր, հիմնած է տասնեակ երաժշտական դպրոցներ, մշակած է բազմաթիւ երգեր եւ ստեղծագործութիւններ։

Հեղինակային համերգաշարերով հանդէս եկած է Ռուսաստանի մեծ քաղաքներուն մէջ։ 1924 թուականին հաստատուած է հայրենիքի մէջ եւ աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է Հայաստանի Գիտութիւններու եւ արուեստի կաճառի, պետական երաժշտանոցի, սիմֆոնիկ նուագախումբի, երաժշտական հրատարակչութեան հիմնադրման աշխատանքներուն։ Իր ստեղծագործական ասպարէզի բուռն ծաղկման շրջանին ստեղծած է այնպիսի հրաշալի գործեր, ինչպիսիք են. «Ալմաստ» օփերան, «Երեւանեան էթիւտներ» եւ «Խրիմի էսքիզներ» ստեղծագործութիւնները։

Սպենդիարեանի ստեղծագործութիւնները կ՚առանձնանան իրենց ազգային դիմագծին հաւատարիմ մնալու իւրայատկութեամբ, ռիթմիկութեամբ, բանաստեղծականութեամբ եւ քնարականութեամբ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017