ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԵԸԼՏԸՐԸՄ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԱՄՆ

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ կը պատրաստուի այցելել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, յառաջիկայ շաբթուան առաջին կէսին ան պիտի ուղեւորուի Ուաշինկթըն։ 7-11 Նոյեմբեր թուականներուն նախատեսուած է Պինալի Եըլտըրըմի ԱՄՆ այցելութիւնը, որու ծիրին մէջ վարչապետը պիտի ունենայ զանազան բնոյթի շփումներ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017