ՄԱՀ՝ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ ԵՈՒՐԻ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ

Հայկական մարմնամարզի աշխարհը երէկ ունեցաւ ծանր կորուստ մը. ոչ եւս է Ողիմպիական ախոյեան Եուրի Վարդանեան։ Այս վերջինը իսկապէս խորհրդանշական անուն մըն էր ինչպէս հայկական, այնպէս ալ համաշխարհային մարմնամարզի տեսակէտէ։ Եուրի Վարդանեան եղած էր Ողիմպիական խաղերու ախոյեան, աշխարհի մրցանիշներու տէր ծանրաբարձ մը։ Երէկ, Հայաստանի Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը խոր ցաւով գուժեց Եուրի Վարդանեանի մահը։ Ան վերջին տարիներուն կ՚ապրէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։

1956 թուականին ծնած էր Եուրի Վարդանեան, որ 1980 թուականին դարձած էր Ողիմպիականներու ախոյեան։ Աշխարհի եւ Եւրոպայի առաջնութիւններուն մէջ նուաճած էր բազում ոսկէ մետայլներ։

Վերջին շրջանին Եուրի Վարդանեան եղած էր միջոց մը Հայաստանի մարմնամարզի նախարարը։ Որոշ ժամանակ ան եղած էր նաեւ Թիֆիզի մօտ Հայաստանի դեսպանը։ Իր կորուստով առասպելական անունի մը աստղը կը սահի հայկական մարզաշխարհի երկնակամարէն։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 3, 2018