ԱՌՆՕ ԲԱԲԱՋԱՆԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 95-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ

Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեա­նի ծննդեան 95-ա­մեա­կին նուի­րուած հա­մեր­գը վերջերս կա­յա­ցաւ Ե­րե­ւա­նի «Ա­րամ Խա­չատ­րեան» հա­մեր­գասրա­հին մէջ: Հա­մեր­գը կը կրէր «Սի­րուած եր­գեր» խո­րա­գի­րը։

Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեա­նի յի­շա­տա­կին նուի­րուած մի­ջազ­գա­յին հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ար­մէն Սարգ­սեանց «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան թղթակ­ցին հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ը­սաւ, որ ան­ձամբ չէ ճանչ­ցած Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեա­նը։ Ան ար­դէն ա­ւե­լի քան տասն տա­րիէ ի վեր կ՚աշ­խա­տի յօ­րի­նո­ղի որ­դիին՝ Ա­րա Բա­բա­ջա­նեա­նի հետ, որ հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­գահն է։ «Ին­ծի հա­մար շատ մեծ պա­տիւ է աշ­խա­տիլ այս հիմ­նադ­րա­մին մէջ, իմ կեան­քը ար­դէն տասն տա­րիէ ի վեր կա­պուած է այս կա­ռոյ­ցի հետ։ Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեա­նի ստեղ­ծած երգն ու ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ան­մահ է եւ ան ապ­րե­լու է դեռ հա­րիւ­րա­մեակ­ներ» ը­սած է արմէն Սարգ­սեանց։

Նուա­գա­խում­բի ե­րա­ժիշտ­նե­րէն մէ­կը, ջու­թա­կա­հար Եա­նա Դա­րեանն ալ իր հեր­թին ը­սաւ. «Շատ կա­րե­ւոր հա­մերգ մըն է, քա­նի որ մեր մեծ յօ­րի­նո­ղը, ե­րա­ժիշտ Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեա­նի 95-ա­մեա­կին նուի­րուած է։ Ան ու­նի սիմ­ֆո­նիկ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, բայց իր եր­գերն են, որ ամ­բողջ աշ­խար­հով մէկ զայն չանաճելի դար­ձու­ցին։ Մեր մե­ծե­րը մենք պէտք է միշտ յի­շենք, ինչ­պէս նաեւ պար­ծե­նանք, քա­նի որ մեր սի­րե­լի յօ­րի­նո­ղի եր­գե­րը կը հնչեն ա­մէ­նուր»։

­Հա­մեր­գի ըն­թաց­քին Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեա­նի եր­գե­րը կա­տա­րե­ցին հայ յայտ­նի եր­գիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ յա­տուկ հրա­ւի­րուած հիւր Ռու­սաս­տա­նի օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի պե­տա­կան ա­կա­դե­մա­կան թատ­րո­նի (Մեծ Թատ­րո­նի) մե­ներ­գիչ Ար­սէն Սո­ղո­մո­նեան։

Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեա­նի յի­շա­տա­կին նուի­րուած հա­մեր­գին ներ­կայ էր Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեան:

Հայ եր­գա­հան եւ դաշ­նա­կա­հար, Խորհր­դա­յին Միու­թեան եւ Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­կան ար­տիստ Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեան ծնած է 1921 թուա­կա­նի Յու­նուա­րի 22-ի­ն։

Պե­տա­կան մրցա­նակ­նե­րու դափ­նե­կիր Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեա­ն հայ­կա­կան ե­րաժշ­տար­ուես­տի ա­մե­նաինք­նա­տիպ դէմ­քե­րէն է, եր­գի նշա­նա­ւոր վար­պետ: Առ­նօ Բա­բա­ջան­եա­ն 1929 թուա­կա­նին ըն­դուն­ուած է Եր­ևա­նի ե­րաժշտա­նո­ցին կից ե­րաժշ­տա­կան դպրո­ցը: 1947 թուա­կա­նին ա­ւար­տած է նոյն ե­րաժշ­տա­նո­ցի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան, 1948 թ­­ուա­կա­նի­նին՝ Մոսկ­ուա­յի ե­րաժշ­տա­նո­ցի դաշ­նա­մու­րի բա­ժին­նե­րը: 1946-1948 թուա­կան­նե­րուն միա­ժա­մա­նակ կա­տա­րե­լա­գործ­ուած է Մոսկ­ուա­յի Հայ մշա­կոյ­թի տան ե­րաժշ­տա­կան սթիւ­տիո­յին մէջ: 1950-1956 թուա­կան­նե­րուն դա­սա­ւան­դած է Եր­ե­ւա­նի ե­րաժշ­տա­նո­ցին մէջ: Ան որ­պէս դաշ­նա­կա­հար՝ հռչակ վա­յե­լած է յատ­կա­պէս իր ստեղ­ծա­գոր­ծութ­իւն­նե­րու կա­տար­մամբ: Ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ո­ճը ձե­ւա­ւո­րուած է հան­րա­յայտ յօ­րի­նող­ներ Ա­րամ Խա­չատր­եա­նի եւ ­Սէր­կէյ Ռախ­մա­նի­նո­վի ազ­դե­ցութ­եամբ: Ան ա­ռա­ւել ար­տա­յայտ­ուած է ա­նոր ա­ռա­ջին եր­կու գոր­ծե­րուն մէջ՝ դաշ­նա­մու­րի եւ ­ջու­թա­կի քոչ­եր­թո­նե­րուն մէջ: Սա­կայն Բա­բա­ջա­նեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ան­հա­տա­կա­նութ­իւ­նը դրսե­ւո­րուած է յատ­կա­պէս դաշ­նա­մու­րի եւ ն­­ուա­գա­խում­բի հա­մար գրած «Հե­րո­սա­կան պալ­լա­տ»ին, ա­պա՝ դաշ­նա­մու­րա­յին թիո­յին մէջ: Բա­բա­ջան­եա­նի ինք­նա­տիպ ո­ճը դրսե­ւոր­ուած է նաեւ ջու­թա­կի ու դաշ­նա­մու­րի սո­նա­թի, թաւ­ջու­թա­կի քոն­չեր­թո­յի մէջ: Ա­նոր «Վա­ղար­շա­պա­տի պար», «Փրել­իւտ» եւ «Էքսպ­րոմտ» գոր­ծե­րը ար­ժա­նա­ցած են բարձր գնա­հա­տա­կա­նի: Մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նութ­իւն վա­յե­լած են «Է­լե­գիա», «Հայ­կա­կան ռապ­սո­դիա» (հա­մա­հե­ղի­նակ՝ Ա­լեք­սանդր Յա­րութ­իւն­եան), «Նոկտ­իւռն» եր­կե­րը: Նո­րա­րա­րա­կան ա­ռանձ­նա­յատ­կութ­իւն­նե­րով օժտ­ուած են «Պո­լի­ֆո­նիկ սո­նա­թ»ը, յատ­կա­պէս՝ «Վեց պատ­կե­ր»ը: Բա­բա­ջան­եա­նի դ 3 քուար­թէ­թը նուի­րուած է Տի­միթ­րի Շոս­տա­կո­վի­չի յի­շա­տա­կին: Յօ­րի­նո­ղի բա­ցա­ռիկ տա­ղան­դը խոր զգաց­մուն­քայ­նութ­եամբ դրսե­ւոր­ուած է նաեւ ա­նոր եր­գե­րուն մէջ: Հան­րա­յայտ են Բա­բա­ջա­նեա­նի «Երկ­րագն­դի լա­ւա­գոյն քա­ղա­քը», «Կա­մուրջ­ներ», «Գու­շա­կիր ցան­կութ­իւնս», «Մի շտա­պիր» եւ այլ եր­գեր, ո­րոնք կա­տար­ուած են Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի եւ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ: Գրած է նաեւ ե­րաժշ­տու­թիւն թատ­րո­նի («Իմ սիր­տը լեռ­նե­րում է») եւ հայ­կա­կան շար­ժա­պատ­կեր­նե­րու հա­մար՝ «Հաս­ցէա­տի­րոջ ո­րո­նում­նե­րը» (1955 թ.), «Ամպ­րո­պի ա­րա­հե­տով» (1956 թ.), «Ա­ռա­ջին սի­րոյ եր­գը» (1958 թ., հա­մա­հե­ղի­նակ՝ Ղա­զա­րոս Սար­եան), «Հարս­նա­ցուն հիւ­սի­սից» (1975 թ.), «Բաղ­դա­սա­րը բա­ժանւում է կնո­ջից» (1976 թ.), «Եր­ջան­կու­թեան մե­խա­նի­կան» (1982 թ.) եւ այլն:

Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեան Ե­րե­ւա­նի մէջ մա­հա­ցած է 1983 թուա­կա­նին։ 1991 թուա­կա­նին՝ Մոսկ­ուա­յի, 1996 թուա­կա­նին Ե­րե­ւա­նի մէջ ստեղ­ծուած են «Առ­նօ Բա­բա­ջան­եան» հիմ­նադ­րամ­նե­րը:

Եր­ե­ւա­նի մէջ Բա­բա­ջան­եա­նի ա­նու­նով կոչ­ուած են Հայ­ֆիլ­հար­մո­նիա­յի փոքր դահ­լի­ճը, փո­ղոց, ե­րաժշ­տա­կան ու­սում­նա­րան, 2003 թ­­ուա­կա­նին կանգ­նեց­ուած է յու­շար­ձա­նը, որ գործն է քան­դա­կա­գործ Դա­ւիթ Բե­ջա­նեա­նի:

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2017