ԻՐԱԿԱՆ ՉԱՓԵՐՈՎ LEGO-Ի ԽՈՐԱՆԱՐԴԻԿՆԵՐ

Դա­նիա­կան ար­տադ­րու­թեան Lego-ի խո­րա­նար­դիկ­նե­րը ծա­նօթ են բո­լո­րին՝ թէ՛ մե­ծա­հա­սակ­նե­րուն, թէ՛ փոք­րե­րուն: Այժմ ա­մե­րի­կեան EverBlock System ըն­կե­րու­թիւ­նը ստեղ­ծած է ա­նոնց մեծ, ի­րա­կան չա­փե­րու տար­բե­րակ­նե­րը՝ նա­խա­տե­սուած ոչ թէ խա­ղա­լու, այլ ո­րե­ւէ փակ տա­րածք ա­ռանց շի­նա­նիւ­թի ձե­ւա­փո­խե­լու հա­մար: Նո­րաս­տեղծ ա­ղիւս­նե­րու գի­նե­րը տար­բեր են՝ կա­խեալ ա­նոնց չա­փե­րէն:

EverBlock-ը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ ճար­տա­րա­պետ դառ­նալ ու սե­փա­կան ձեռ­քե­րով նոր սե­նեակ­ներ կա­ռու­ցել, իսկ հարկ ե­ղած պա­րա­գա­յին՝ շատ ա­րագ քան­դե­լ։

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2017