ԻՊՐԱՀԻՄ ՔԱԼԸՆ ԵՒ ՃՈՆ ՊՈԼԹԸՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իպրահիմ Քալըն եւ Ճոն Պոլթըն առաջնահերթօրէն անդրադարձան Սուրիոյ իրադարձութիւններուն։ Էրտողան եւ Թրամփ անցեալ շաբաթ ունեցած էին հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին համաձայնութեան հասած էին կարգ մը նիւթերու շուրջ։ Իսկ Քալըն եւ Պոլթըն երէկուան զրոյցի ընթացքին ձեռք առին այդ համաձայնութիւններու մանրամասնութիւնները։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ամերիկեան զօրքերու Սուրիայէ դուրս գալու վերաբերեալ գործընթացին եւ ընդգծուեցաւ, որ կողմերու միջեւ համակարգուած աշխատանքը կը շարունակուի։ Թուրք եւ ամերիկեան կողմերը անվտանգ գօտիի մը հաստատման ուղղութեամբ պիտի շարունակեն համագործակցութիւնը։ Քալըն եւ Պոլթըն համաձայն գտնուեցան նաեւ, որպէսզի Մենպիչի վերաբերեալ որդեգրուած ճանապարհային քարտէսը կեանքի կոչուի։

Տարածքաշրջանային խնդիրներու առընթեր, հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն, նաեւ ընդգծուեցաւ ահաբեկչութեան բնագաւառէ ներս Թուրքիա-ԱՄՆ ազդու համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Նախագահ Թրամփ յառաջիկայ շրջանին կը ծրագրէ պետական այցելութիւն մը տալ Թուրքիա, ուստի Քալըն եւ Պոլթըն խօսեցան նաեւ համապատասխան նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 30, 2019