ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՏԱՐԻ

2019 թուականը կը զուգադիպի մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին, ուստի հռչակուած է «Կոմիտասի տարի»։ Երէկ երեկոյեան, Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը, որ եկաւ ազդարարել Կոմիտասի տարուան սկիզբը։ Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբը՝ Յովհաննէս Չեքիճեանի ղեկավարութեամբ իսկապէս փառաւոր համերգով մը ներկայացաւ երաժշտասէրներուն։ Երեկոյթը պատուեցին նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան։ Սա միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի ներկայ տարուան առաջին համերգն է։

Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կոմիտասի 150-ամեակը պիտի նշուի բազմաբովանդակ ծրագրով մը։ Երեւանի «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որու ատենախօսները տեղեկացուցին, որ այս յոբելեանին առթիւ կը նախատեսուին համերգներ, փառատօներ, ցուցահանդէսներ, գիտաժողովներ՝ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ արտասահմանի մէջ։

Յոբելենական տարին պատշաճ մակարդակով կազմակերպելու նպատակով Հայաստանի վարչապետի որոշումով ստեղծուած է մասնաւոր յանձնաժողով մը, որ պատրաստած է ձեռնարկներու ցուցակ մը։ Յոբելեանը արժեւորելու համար պիտի կատարուին հրատարակութիւններ, պիտի թողարկուին ձայնասկաւառակներ, պիտի պատրաստուին ու պիտի հեռարձակուին հեռուստահաղորդումներ, հոլովակներ, կրթական ծրագրեր եւ այլն։

Այս ամբողջ ծրագիրը կը համակարգէ Հայաստանի Մշակոյթի նախարութեան պաշտօնատարներէն Նազենի Ղարիպեան, որու առընթեր երէկուան մամլոյ ասուլիսի ատենախօսներու շարքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ձեռագրատան, արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Տ. Ասողիկ Քհնյ. Կարապետեան, «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառի տնօրէն Նիքոլայ Կոստանդեան, արուեստի վաստակաւոր գործիչ Փրոֆ. Մհեր Նաւոյեան։ Յոբելենական շրջանի կազմակերպչական աշխատանքները «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառի առընթեր կ՚իրականացնեն Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը, «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը, Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցը եւ պատկան հասարակական կազմակերպութիւնները։

Միւս կողմէ, երէկ, «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառի համալիրի ետնաբակէն ներս տեղադրուեցաւ համանուն քանդակ մը, որու հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ երէկ։ Արձանի հեղինակն է Դաւիթ Երեւանցի։

Չորեքշաբթի, Յունուար 30, 2019