ՀԱՄԱՏԵՂ ԱՐՏԱԴՐԱՆՔ

«Քալաշնիքով» ռազմական արտադրութեան ռուսական յայտնի ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Անտրէյ Պարիշնիքովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հիւրընկալեց Պարիշնիքովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ ՀԱՊԿ-ի ռազմատնտեսական համագործակցութեան ոլորտէ ներս յետագայ զարգացման եւ, մասնաւորապէս, անդամ պետութիւններու ռազմաթեքնիկ համալիրներու մէջ ձեռնարկութիւններու եւ կազմակերպութիւններու համագործակցային եւ համարկման կապերու զարգացման շրջանակներէն ներս նախատեսուած էր այս աշխատանքային այցելութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին Դաւիթ Տօնոյեան կարեւորեց հայկական ռազմաարդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու հետ «Քալաշնիքով» ընկերակցութեան համագործակցութիւնը։ Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցիլ այն բոլոր նախագծերուն, որոնք ուղղուած են Հայաստանէ ներս ռազմական նշանակութեամբ ապրանքներու համատեղ արտադրանքի կազմակերպման։ Իր կարգին, Պարիշնիքովն ալ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ «Քալաշնիքով» ընկերութիւնը յստակացուցած է իր նորագոյն ինքնաձիգերու Հայաստանի մէջ համատեղ արտադրութեան ամփոփիչ մանրամասնութիւնները։

Մինչ այդ, Դաւիթ Տօնոյեան երէկ ընդունեց Ռուսաստանի զինեալ ուժերու հարաւային ռազմական շրջանի զօրքերու հրամանատարի նորանշանակ տեղակալ զօրավար Ալեքսէյ Աւտէյեւը, որուն ընկերացաւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպանութեան ռազմական կցորդ գնդապետ Անտրէյ Կրիշչուք։

Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ Հարկ է յիշեցնել, որ երկու վարչապետները տակաւին քանի մը օր առաջ հանդիպած էին Մոսկուայի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին, Նիկոլ Փաշինեան եւ Տիմիթրի Մետվետեւ անդրադարձան Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու շրջանակներէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը հարցերու։

Չորեքշաբթի, Յունուար 30, 2019