ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) պիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան եւ պիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան երէկ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Երեւանի մէջ։ Կուսակցութեան 33-րդ ընդհանուր ժողովի հիման վրայ ձեւաւորուած ղեկավարութեան տեսլականը ներկայացուեցաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու առջեւ։ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան եւ Արմէն Ռուստամեան յայտնեցին, որ կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին շնորհիւ փարատուած են դաշնակցականներու միջեւ տարաձայնութիւններու վերաբերեալ կասկածները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, անոնք յայտնեցին, որ Հայաստանի ներկայ Ազգային ժողովը պէտք է ամէն ջանք գործադրէ իրեն նկատմամբ արտայայտուած հսկայական վստահութիւնը արդարացնելու համար։ Ատենախօսները ընդգծեցին, որ խորհրդարանէ ներս այս շրջանին ներկայացուած չըլլալը պիտի չխանգարէ դաշնակցութեան յետագայ գործունէութիւնը։

ՀՅԴ-ի նորընտիր ղեկավարները ընդգծեցին, որ կուսակցութիւնը պատրաստ է համագործակցելու այն բոլոր քաղաքական ուժերուն հետ, որոնք որեւէ զիջում թոյլ չեն տար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման ժամանակ։

Հայաստանեան աղբիւրներու եւ մեկնաբաններու հաղորդումներով, ՀՅԴ-ի նորընտիր ղեկավարութիւնը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ աջակցելու համար վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած ղեկավարութեան։

Չորեքշաբթի, Յունուար 30, 2019