ՊԻՆԱԼԻ ԵԸԼՏԸՐԸՄ ՊԻՏԻ ՀՐԱԺԱՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՊԱՇՏՕՆԷՆ

Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ, որ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Իսթանպուլի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած է, կը պատրաստուի հրաժարիլ իր պաշտօնէն։ Երէկ երեկոյեան Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ «CNN Türk» հեռուստակայանէն։ Ան այս առթիւ տեղեկացուց, որ 18 փետրուարի դրութեամբ խորհրդարանի նախագահի պաշտօնէն պիտի հրաժարի։

Եըլտըրըմ յայտնեց, որ օրէնսդրութեան մէջ առանձնապէս չէ յստակեցուած, թէ ինչ պէտք է ըլլայ եթէ խորհրդարանի նախագահը դառնայ քաղաքապետի թեկնածու։ Ուստի, յաճախ կը քննարկուի իր պարագան։ «Իմ հրաժարականի այս խնդիրով քաղաքացիներու օրակարգի զբաղեցուիլը նեղութիւն կը պատճառէ ինծի։ Անիմաստօրէն կը քննարկուի, թէ ես արդեօք պիտի հրաժարի՞մ կամ ոչ։ Մինչդեռ մենք պէտք է խօսինք Իսթանպուլի մասին։ Մնաց, որ ես տակաւին պաշտօնապէս թեկնածու ալ չեմ։ Կուսակցութիւնս յայտարարած է, որ թեկնածու պիտի առաջադրէ զիս։ Որոշումս տուած եմ։ Թեկնածութեան դիմումի կատարուած պահուն իսկ պիտի հրաժարիմ։ Կուսակցութեանս կողմէ դիմումի կատարուած պահուն հրաժարականս տուած պիտի ըլլամ խորհրդարանի նախագահի պաշտօնէն», ըսաւ Պինալի Եըլտըրըմ։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Պինալի Եըլտըրըմ աւելցուց, որ ներկայիս իր նպատակն է 31 մարտին Իսթանպուլի բնակիչներու սրտին մէջ տեղ գտնել եւ գործի լծուիլ քաղաքին ծառայելու համար։

Չորեքշաբթի, Յունուար 30, 2019