ՔԱՐԱՍԻՆԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին երէկ այցելեց Երեւան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ։

Երեւանի Հայ-ռուսական համալսարանէն ներս, «Երախտագիտութեան» այգիին մէջ ան մասնակցութիւն բերաւ մեծանուն ռուս դիւանագէտ ու բանաստեղծ Ալեքսանտր Կրիպոյէտովի կիսանդրիի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։

Չորեքշաբթի, Յունուար 30, 2019