«ԱՄՆ ՇՈՒՏՈՎ ԴՈՒՐՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ՍՈՒՐԻԱՅԷՆ»

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը դուրս պիտի գայ Սուրիայէն։ Թրամփ այս անակնկալ յայտարարութիւնը ըրաւ Օհայօ նահանգին մէջ, ուր կը խօսէր ենթակառուցուածքներու ներդրումներուն շուրջ։ Իր այս յայտարարութիւնը հակասութեան մէջ է Փենթակոնի կողմէ հրապարակուած վերջին լուրերուն հետ։ Արդարեւ, ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած էր, որ ամերիկեան զօրքերը դուրս պիտի չգան Մենպիչէն։ Փենթակոնի հրապարակումներուն փոխարէն՝ Տանըլտ Թրամփ շեշտելով շեշտեց, որ շատ կարճ ժամանակի ընթացքին ԱՄՆ-ի զօրքերը դուրս պիտի գան Սուրիայէն։

Միջազգային աղբիւրները լայնօրէն արձագանգ հանդիսացան Թրամ-փի յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ ան մատնանշեց, որ ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) մեծաւ մասամբ մատնուած է պարտութեան։ «Թողունք, որ մնացեալին հետ քիչ մըն ալ ուրիշներ զբաղին», ըսաւ Թրամփ։

Այս զգայացունց յայտարարութիւններուն հետ գրեթէ նոյնաժամանակ տեղի ունեցաւ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին մամլոյ ասուլիսը։ Պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչը յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կը փափաքի ընդհանուր առմամբ այլ երկիրներու կողմէ աւելի աջակցութիւն։ «Այս ծանր բեռը շարունակ մենք պէտք չէ կրենք», ըսաւ ան։

Պետական քարտուղարութեան բանբերը անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ կողմէ Սինճարի համար գործողութեան մը ձեռնարկելու հաւանականութեան։ Իր խօսքերով՝ այդպիսի գործողութեան մը համար Թուրքիա պէտք է ապահովէ Իրաքի կառավարութեան հաւանութիւնը։

ՓԱՐԻԶԷՆ ՆՈՐ ՔԱՅԼ

Միւս կողմէ, երէկ անկնկալ լուրեր հասան նաեւ Փարիզէն։ Ֆրանսայի ղեկավարութիւնը որոշած է զօրք ուղարկել Սուրիա՝ Մենպիչի մէջ տեղակայուելու համար։ Հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն Սուրիայէն պատուիրակութիւն մը ընդունելու ժամանակ յայտնեց, որ Ֆրանսա պիտի աջակցի այդ երկրի հիւսիսին։ Տեղական մամուլը մասնաւորապէս կ՚ընդգծէ, որ Մաքրոնի հիւրընկալած պատուիրակութեան կազմին մէջ կը գտնուէին ՓԵՏ ահաբեկչական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ։

Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցած էր Տանըլտ Թրամփի եւ Էմմանուէլ Մաքրոնի միջեւ։ Երկու ղեկավարները ընդգծած էին Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։  

Ուրբաթ, Մարտ 30, 2018