«ՊԱՂ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՆՄԱՆ»

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտնեց, որ խորապէս մտահոգուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի միջեւ առկայ լարուածութենէն։ Իր խօսքերով՝ աշխարհ կ՚ընթանայ դէպի Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանին նման կացութեան մը։ Ըստ իրեն, Պաղ պատերազմի շրջանին աշխարհ ականատես եղած էր երկու գերտէրութեան հակակշռի պայքարին, բայց եւ այնպէս այժմ մէկէ աւելի անկախ դերակատարներ գոյութիւն ունին։

Ընդհանուր քարտուղար Կութերես ՄԱԿ-ի կեդրոնէն ներս լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ յայտնեց, որ այժմ մարդկութեան դէմ մեծագոյն սպառնալիքն է կլիմայի փոփոխութիւնը, որու պատճառ դարձած աղէտներու տնտեսական տարողութիւնը կը հասնի 320 միլիառ ամերիկեան տոլարի։ 

Ուրբաթ, Մարտ 30, 2018