ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի տարեկան ընդհանուր ժողովը։ Այս առթիւ ամփոփուեցաւ 2017-ի գիտական եւ գիտակազմակերպչական աշխատանքը։ Խոշորացոյցի տակ առնուեցան գործունէութեան հիմնական արդիւնքները։

Ընդհանուր ժողովին ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ գիտնականներու առջեւ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Անցեալ տարուան գործունէութեան շուրջ հաշուետու զեկոյց մըն ալ ներկայացուեցաւ ակադեմիայի նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան ելոյթին մէջ կարեւորեց գիտական ասպարէզէ ներս սերնդափոխութեան խնդրի լուծումը։

Ուրբաթ, Մարտ 30, 2018