ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Յունաստանի Ազգային պաշտպանութեան նախարար Փանոս Քամենոս շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Հիւր նախարարը Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնական վարչական համալիրէն ներս դիմաւորուեցաւ պաշտօնական արարողութեամբ։ Վիգէն Սարգսեան եւ Փանոս Քամենոս ունեցան հանդիպում մը, որու աւարտին սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վիգէն Սարգսեան մատնանշեց Յունաստանի հետ ռազմական ոլորտէ ներս համագործակցութեան հարուստ աւանդութիւնները։ Իր կարգին, հիւր նախարարն ալ ընդգծեց, որ Հայաստան-Յունաստան ռազմական համագործակցութիւնը աշխուժացնելու համար կը տեսնեն ներուժ։ Քամենոսի խօսքով՝ Յունաստան կը փափաքի հնարաւորինս շուտ հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։

Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարը յայտարարեց, որ Երեւան եւ Աթէնք կը դիմագրաւեն ընդհանուր սպառնալիքներ։

Մինչ այդ, Փանոս Քամենոս երէկ ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան ներկայ բարձր մակարդակին համար։ Սերժ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնեց Յունաստանի կառավարութեան կողմէ տարիներէ ի վեր ռազմական ու քաղաքացիական կրթութեան ոլորտէ ներս ցուցաբերուած աջակցութեան կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, սա մեծ ներդրում մըն է բարեկամութեան ամրապնդման տեսակէտէ, որովհետեւ Յունաստանի մէջ կրթութիւն ստացած հայ երիտասարդները կը բերեն իրենց նպաստը երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման։ 

Ուրբաթ, Մարտ 30, 2018