ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄ

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաքու, ուր հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Երկօրեայ շփումներուն ընթացքին Իրանի ղեկավարին ընկերացաւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներէ բաղկացեալ պատուիրակութիւն մը։

Կը հաղորդուի, որ Պաքուի մէջ երկու նախագահները ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Անոնք սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Իլհամ Ալիեւ ճաշասեղանով մըն ալ պատուեց իր պաշտօնակիցը։ Ռուհանի եւ Ալիեւ մասնակցեցան Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կառուցուած երկաթուղիի պաշտօնական բացման արարողութեան։ Այցելութեան ծիրէն ներս, նախագահներու մասնակցութեամբ ստորագրուեցան նաեւ շարք մը բնագաւառներէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման ուղղեալ համաձայնագրեր։ Թեհրանի եւ Պաքուի ղեկավարութիւնները կը նախատեսեն համագործակցութիւնը սերտացնել ուժանիւթի ոլորտէ ներս՝ մասնաւորապէս Կասպից ծովու պարագային։

Հասան Ռուհանի ներկայ ուղեւորութեան ընդառաջ յայտարարեց, որ Թեհրանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մին է հարեւաններու հետ լաւ յարաբերութիւններու մէջ գտնուիլը։

Պաքուի մէջ Ռուհանի եւ Ալիեւ անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Իրանի ղեկավարը շեշտը դրաւ հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման վրայ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Հասան Ռուհանի Պաքուի մէջ աջակցութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան։ Իր կարգին, Ալիեւն ալ շեշտեց, որ Պաքու Թեհրանի հետ մշտական խորհրդակցութիւններ կ՚ունենայ անվտանգութեան ոլորտէն ներս։

ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը պատրաստուի տեսակցիլ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկէրի հետ։ Մոսկուայի աղբիւրներու հաղորդումներով, 5 Ապրիլին նախատեսուած տեսակցութեան ընթացքին պիտի քննարկուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ 

Ուրբաթ, Մարտ 30, 2018