ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԵՐԵՒԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ Լըմուան երէկ երեկոյեան ժամանեց Երեւան, ուր կ՚ունենայ երկօրեայ շփումներ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, երէկ երեկոյեան Լըմուան տեսակցեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Ֆրանսացի բարձրաստիճան դիւանագէտը այցելութեան ծիրէն ներս կը հիւրընկալուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ 

Ուրբաթ, Մարտ 30, 2018