9 ՄԱՅԻՍԻՆ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի այցելել Ուաշինկթըն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հրաւէրին ընդառաջ։ Երկու ղեկավարները ժամադրուած են Սպիտակ տան մէջ։ Կը նախատեսուի, որ անոնք մէկտեղուին մայիսի 9-ին՝ Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ։

Թուրքիա-ԱՄՆ առանցքին վրայ այս շրջանին նոր կլիմայ մը ստեղծուած է՝ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան եւ «Ֆ-16» կործանիչներու գործարքին արժանացած հաւանութեան զուգահեռ։ Մօտաւոր անցեալին այս ու նման խնդիրներով պայմանաւորուած բարդութիւններու շեմի յաղթահարումէն յետոյ Անգարա եւ Ուաշինկթըն ներկայիս հետամուտ են դրական օրակարգը ամբողջ թափով յառաջ տանելու։

Պայտըն պաշտօնական հրաւէր ուղղած է Էրտողանին։ Սա Պայտընի պաշտօնավարութեան շրջանին երկու ղեկավարներու առաջին հանդիպումը պիտի ըլլայ Սպիտակ տան մէջ։ Ցարդ անոնք տեսակցած էին զանազան միջազգային հաւաքներու շրջանակներէն ներս, իսկ վերջին անգամ անցեալ յուլիսին զրուցած էին ՆԱԹՕ-ի Լիթվանիոյ մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովի օրերուն։ Այս հանգամանքը թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ առանձին կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ մանաւանդ, որ յառաջիկայ նոյեմբերին նախատեսուած են ընտրութիւններ եւ Ճօ Պայտընն ալ վերստին թեկնածու առաջադրուած է պաշտօնավարութեան երկրորդ ժամկէտի մը համար։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Էրտողան-Պայտըն բանակցութիւններու օրակարգի հիմնական հարցերէն մին պիտի ըլլայ Կազզէի պատերազմը։ Անգարա եւ Ուաշինկթըն առաջին իսկ օրէն անմիջական կապի մէջ են այս տագնապին կապակցութեամբ՝ թէեւ անոնց դիրքորոշումները նոյն նպատակներուն եւ առաջնահերթութիւններուն ուղեծիրին մէջ չեն։ Էրտողան եւ Պայտըն Կազզէի պատերազմին կ՚անդրադառնան՝ որպէս միջազգային հրատապ խնդիր։ Յամենայնդէպս, լրատուամիջոցները ողողուած են բազում վերլուծութիւններով, ըստ որոնց Կազզէի պատերազմը այնպիսի բնոյթ մը ստացած է, որ ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններու հաւանական արդիւնքներուն վրայ կըր-նայ ազդել։

Բաց աստի, թուրք-ամերիկեան բանակցութիւններուն ընթացքին պիտի շօշափուին ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, պաշտպանական արդիւնաբերութեան ծրագրերուն, առեւտրատնտեսական համագործակցութեան վերաբերեալ նուրբ խնդիրներ։ Ըստ դիտորդներուն, ԱՄՆ-ի կողմէ ՓՔՔ-ի Սուրիոյ թեւին՝ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ին ցուցաբերուած աջակցութիւնը ներկայիս այն հիմնական տարակարծութիւնն է, որմէ բխած խնդիրները կը թունաւորեն Թուրքիոյ հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները։ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ բացասական ազդեցութիւն կը գործէ նաեւ այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը՝ ՖԵԹԷՕ-ն։ Ուստի, Էրտողան Պայտընի հետ զրուցելու ընթացքին խոշորացոյցի տակ պիտի առնէ այս բարդ խնդիրները։ Կը նախատեսուի, որ ան պահանջէ ԱՄՆ-ի կողմէ ՖԵԹԷՕ-ականներու Թուրքիոյ յանձնուիլը եւ այդ կազմակերպութեան ԱՄՆ-ի մէջ գործունէութեան վերջ տրուիլը։

Ի լրումն այս բոլորին, Թուրքիոյ կողմէ ձեռք բերուած «Ս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ստեղծած դժուարութիւններն ալ նախագահներու ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնան։ Թրքական կողմը կը պատրաստուի արծարծել նաեւ իրեն չյանձնուած՝ 5-րդ սերունդէ «Ֆ-35» կործանիչներու ապագան։

Ծանօթ է, որ մօտաւոր անցեալին Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ բարձր մակարդակի այլ կարեւոր շփումներ ալ տեղի ունեցած էին, իսկ նախագահներու մօտալուտ հանդիպման ընթացքին առկայ խնդիրները պիտի քննարկուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ։

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024